2016-06-02 08:35:00

Հայաստանը դարձաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի միջկառավարական կոմիտէի անդամ


Մայիս 30-էն Յունիս 1 ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» 2003թ. պայմանադրութեան անդամ պետութիւններու Գլխաւոր ասամպլէայի 6-րդ նստաշրջանը, որուն ընթացքին կայացան Պայմանադրութեան միջկառավարական կոմիտէի ընտրութիւնները` 2016-2020թթ. ժամանակահատուածի անդամակցութեան համար: Հայերն այսօրի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ-ի մամլոյ ծառայութենէն:

Երկրորդ տարածաշրջանային խումբէն (Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներ) չորս տարի ժամկէտով ընտրուեցաւ Հայաստանը` ստանալով պայմանադրութեան անդամ երկիրներու միաձայն աջակցութիւնը:

Միւս խումբերէն ընտրուեցան Կիպրոսը, Աւստրիան, Կուաթեմալան, Քոլումպիան, Քուպան, Ֆիլիփինները, Զամպիան, Սենեկալը, Մաւրիքիոսը, Պաղեստինը եւ Լիբանանը:

Տեղեկանք. միջկառավարական կոմիտէն Պայմանադրութեան գլխաւոր մարմիններէն մէկն է: Այնստեղծուած է Պայմանադրութեան 5-րդ յօդուածին համաձայն, ունի 24 անդամ` տարածաշրջանայինվեց խումբերէ: Կոմիտէի անդամը անմիջապէս վերընտրուելու հնարաւորութիւն չունի:

Կոմիտէի կարեւոր գործառոյթներէն է Պայմանադրութեան մէջ սահմանուած ցանկերովարձանագրուելու նպատակով անդամ պետութիւններուն կողմէ ներկայացուած յայտերուառնչութեամբ վերջնական որոշում կայացնելը:

Գլխաւոր ասամպլէան, որուն նստաշրջանը կը գումարուի երկու տարին մէկ, ի թիւս այլգործառոյթներու, կ’ընտրէ 12 նոր անդամներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.