2016-06-02 08:53:00

Գրիգոր Պետրոս Ի օրհնութեան գիրը Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի 50-րդ տարեդարձին առթիւ։


ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՌԱՏԻՈԿԱՅԱՆԻ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԻՆ

Ռատիօ Վատիկանի Հայկական բաժանմունքին յիսնամեակը անշուշտ չէր կրնար աննկատ անցնիլ։ Մենք մօտէն հետեւած ենք այս բաժանմունքի գործունէութեան եւ ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ նկատած ենք անոր արդիականացումը, զարգացումը եւ յայտագիրներու ճոխացումը, որուն շնորհիւ վստահ ենք որ ան այսօր դիւրահաղորդ է հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ բոլոր հայկական շրջանակներուն։ Այս յիսնամեակը անգամ մը եւս մեզի կը յիշեցնէ այն հեռատեսութիւնն ու պայծառամտութիւնը զորս կէս դար առաջ ցուցաբերած է երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանը՝ ձեռնարկելով Ռատիօ Վատիկանի Հայկական Բաժանմունքի ստեղծումին:

Այս յիսնամեակին բարեդէպ զուգադիպութիւնը «Ողորմութեան Յոբելենա-կան Տարի»ին մեզի կը յուշէ ժամանակակից զանգուածային լրատուամիջոցներու կարեւորութիւնը աստուածաւանդ ողորմութեան ոգիի ու աստուածային սիրոյ  տարածումին մէջ՝ քրիստոնեայ եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ այլակրօն հասարակութիւններուն մօտ, որոնց քրիստոնէական արժէքներով տոգորումին ու կազմաւորումին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն մը վերապահուած է ընկերային հաղորդամիջոց-ներուն։ Այս դերակատարութեան կարեւորութիւնը կը զգացուի աւելի քան երբեք այսօր։

Արդարեւ, քրիստոնեայ լրատուամիջոցները, որոնց ռահվիրաներէն է Ռատիօ Վատիկանը իր Հայկական Բաժանմունքով,  կոչուած են ըլլալու ոչ միայն  Տիեզերական Եկեղեցւոյ եւ  Սրբազան Քահանայապետին պատգամախօսները, անոնց առաքելական գործունէութեան եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ աշխարհի իրադարձութիւններուն արձագանգող միջոցներ եւ քրիստոնէական արժէքներու քարոզիչներ, այլ նաեւ Աւետարանին փրկչարար խօսքն ու խաղաղասիրական յորդորը հնչեցնելու աշխարհի չորս ծագերուն, մասնաւորաբար հոն ուր մարդիկ տագնապալի պայմաններու տակ կը գտնուին։   Անոնք կոչուած են  աշխարհը յուզող տագնապայարոյց իրադարձութիւններուն, եղելութիւններուն ու խնդիրներուն ընդմէջէն՝ աստուածային ողորմութեան եւ սիրոյ  ճանապարհը ցոյց տալու։

 

 

 

Ահա թէ ինչու ժամանակակից արհեստագիտութեամբ օժտուած, Սուրբ Աթոռի այս լրատուամիջոցները կոչուած են գործելու՝ Աստուծոյ բոլոր զաւակ-ներուն, հասարակութիւններուն, ժողովուրդներուն եւ ընտանիքներուն միջեւ սիրոյ, համերաշխութեան եւ խաղաղութեան կամուրջներ դառնալու գիտակցութեամբ։  Անոնք իրենց այս առաքելութեան մէջ պիտի գտնեն Աստուծոյ ուժը։

Վստահ ըլլալով որ Վատիկանի Ռատիոկայանի Հայկական Բաժանմունքը եւ անոր աշխատակազմը այս գիտակցութեամբ պիտի շարունակեն իրենց առաքելա-գործ աշխատանքը, անոնց կը մաղթենք յարաճուն կորով ու յարատեւութիւն ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառացումն Եկեղեցւոյ։

Հայցելով Աստուծոյ շնորհաբեր օրհնութիւնը՝

 

Գրիգոր Պետրոս Ի.

Կաթողիկոս Պատրիարք

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Պէյրութ, 27 Մայիս 2016








All the contents on this site are copyrighted ©.