2016-06-02 09:27:00

Գերմանիոյ խորհրդարանը այսօր կը քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը


Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` անդրադառնալով այսօր Պունտեսթակի մէջ քննարկուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող բանաձեւին,  յայտարարած է, որ Թուրքիան չունի «այսպէս կոչուած Հայոց

Ցեղասպանութեան» խնդիր: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» կայքը։

«Մենք այս հարցին մէջ հանգիստ ենք: Գերմանիոյ մէջ այս պահուս կը բնակին աւելի քան 3 միլիոն թուրքեր, ներկայիս մեր յարաբերութիւնները չափազանց բարձր մակարդակի վրայ են: Եթէ երկիրը նման խաղի մէջ ներքաշուի, ապա ատիկա ապագային պիտի վնասէ մեր երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական, տնտեսական, առեւտրական, քաղաքական ու զինուորական յարաբերութիւններուն: Կը կարծեմ, որ այս բոլորը հաշուի պիտի առնուին», սպառնացած է Էրտողան:

Ան նշած է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ որոշումի որդեգրուելէն անմիջապէս ետք թրքական կառավարութիւնը մանրամասն կերպով պիտի ուսումնասիրէ եւ համապատասխան գնահատական պիտի տայ ատոր: «Սակայն կ՛ուզեմ գիտնաք, որ այդ որոշումը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն մեզի ոչինչ կը պարտադրէ», ըսած է Էրտողան:

Ըստ թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին՝ Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Իհսան Շեներ Գերմանիան յորդորած է չիյնալ հայկական սփիւռքի կազմակերպած խաղերուն մէջ, որովհետեւ պատմական իրադարձութիւններու մասին որոշումները ոչ թէ խորհրդարանները կու տան, այլ` պատմաբանները:

«1915 թուականը իբրեւ ցեղասպանութիւն որակելը իրականութեան չի համընկնիր»,- նշած է ան: Ըստ անոր, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ապացուցող որեւէ փաստ չկայ, «միայն զրպարտութիւններ են»: «Յարգելի Էրտողանը այս հարցով յստակ ըսած է` եկէ՛ք, մենք մեր ամբողջ արխիւները պիտի բանանք, Հայաստանն ալ թող արխիւները բանայ: Սակայն Արեւմուտքը կ՛անտեսէ անոր խօսքերը` իյնալով հայկական սփիւռքի խաղերուն մէջ, որոնք քաղաքական լոպիներու հետ կը շրջին խորհրդարաններուն մէջ` Թուրքիոյ դէմ արդիւնքի հասնելու համար», ըսած է Շեներ` աւելցնելով. «Երբ պատմաբաններու գործը քաղաքական գործիչները կը ստանձնեն, ճշմարտութեան փոխարէն ցնորք կը յառաջանայ»:

Շեների համոզումով` Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը օրակարգ բերուած է, որովհետեւ Թուրքիոյ յառաջընթացէն անհանգստացողներ կան: «Էրտողան 14 տարուան մէջ Թուրքիան դարձուց աշխարհի վրայ ըսելիք ունեցող երկիր: Այդ տարիներուն ընթացքին Հայկական հարցը բազմիցս օրակարգ բերուեցաւ: Ոչ ոք հետաքրքրուած է Հայկական հարցով: Ատիկա օրակարգ բերողներուն միակ խնդիրը Թուրքիոյ ազգայնացումէն անհանգստանալն է», յայտարարած է Շեներ:

Նշենք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը այսօր Գերմանիոյ ժամանակացոյցով ժամը 11:10-ին պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը:

Թուրքիոյ վարչապետ Պենալի Եըլտըրըմ Պունտեսթակի մէջ տեղի ունենալիք քուէարկութիւնը նկատեց «անհեթեթութիւն»` աւելցնելով. «1915 թուականին Համաշխարհային Ա. պատերազմի պայմաններուն մէջ տեղի ունեցած ոեւէ երկրի մէջ տեղի ունեցած սովորական իրադարձութիւններէն մէկն է»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարթին Շեֆեր երէկ յայտնեց. «Կրնամ ըսել, որ ես կ՛ակնկալեմ եւ յոյսով եմ, որ որոշումները, որոնք շատ հաւանաբար վաղը պիտի որդեգրուին Գերմանիոյ Պունտեսթակի կողմէ, չեն յանգեցներ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու երկարաժամկէտ վատթարացման»:








All the contents on this site are copyrighted ©.