2016-06-01 12:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց յունիս ամսուան ընթացքին աղօթել Յիսուսի Սուրբ Սրտին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 1 յունիս 2016-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին  վրայ շնորհած  ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետ անդրադառնալով Յիսուսի Սուրբ սիրտի տօնին, որ կը նշուի յառաջիկայ ուրբաթ օրը եւ  որ կը զուգադիպի Քահանաններու  Ողորմութեան  Սուրբ Տարուան նշման օրին,  ըսաւ  ՝՝Սիրտ Յիսուսի տօնը այս տարի հարստացած է քահանաներու  Յոբելեանով'' ապա  հրաւէր ուղղեց ներկաներուն,  բոլոր յունիս ամսուան ընթացքին աղօթելու Յիսուսի Սուրբ Սիրտին,  ինչպէս նաեւ մօտիկութիւն եւ գուրգուրանք ցուցաբերելու եւ աջակցելու քահանաներուն, որպէսզի անոնք միշտ ըլլան  ողորմած սիրով լեցուն սրտին պատկերը՝ ։ 
Սրբազան Հայրը ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն, ըսելով ՝՝Սիրելի երիտասարդներ, Յիսուսի Սուրբ  սիրտէն քաղեցէք հոգեւոր կեանքին սնունդը ու ձեր յոյսի ակնաղբիւրը, Սիրելի հիւանդներ, ձեր ցաւը  Տիրոջ նուիրեցէք, որպէսզի  Ան շարունակէ իր սէրը զեղուլ մարդոց սրտերուն մէջ, իսկ դուք նորապսակներ ստէպ մօտեցէք Սուրբ Հաղորդութեան,  որպէսզի  սնուած քրիստոսով, ըլլաք քրիստոնեայ ընտանիքներ տոգորուած   այն  Աստուածային սրտի  սիրով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.