2016-06-01 09:47:00

Մոսկուայի Պատրիարքը գոհունակութիւն յայտնած է Գերապայծառ Չելեսթինօ Միլիորէի ի լուր


(Ռատիօ Վատիկան) Մոսկուայի պատրիարքը ողջունած է եւ  իր գոհունակութիւնը յայտնած է անցեալ 28 մայիսին, Ռուսիոյ դաշնակցութեան մէջ նոր նշանակուած Առաքելական դեսպան` Գերապայծառ Չելեսթինօ Միլիորիի անուանման ի լուր։

Քիրիլ պատրիարքը մաղթանք յայտնած է­  որ նորանշանակուած  Սուրբ Աթոռի առաքելական դեսպանը    իր նպաստը բերէ կաթողիկէներու եւ օրթոտոքսներու միացեալ ծրագիրներու զարգացումին՝ պաշպոանելու համար հալածուած քրիստոնեաներն ու աշխարհի  բարոյական արժէքները։

Մոսկուայի պատրիարքութեան արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու Հայր Սթեֆան Իկումնով Ինթերֆաքս լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Ռուսիոյ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ եւ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ  յարաբերութիւնները բարելաւուած է  Հապանայի մէջ կայացած  Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Քիրիլ պատրիարքի միջեւ հանդիպումէն ետք։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.