2016-06-01 10:13:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Հնազանդելու պարտաւորուածութիւնը

Հնազանդելու պարտաւորուածութիւնը, որեւէ տարիքի մարդու համար, անոր անհատական ըմբոստութեան հետ բախուող եւ անձը նուաստացնող զգացում կը համարուի: Սակայն, բարոյագիտական տեսանկիւնէ, ինչպէս նաեւ քաղաքակրթութեան ամէնէն յառաջացած օրէնքները նկատի ունենալով, հնազանդութիւնը առաքինութիւն մըն է, որ կարելի է պսակը համարել շարք մը ուրիշ առաքինութիւններու:

Պարտաւոր ըլլալը, որեւէ պարագայի, սեփական կամքի բռնութեան զգացողութիւնը կու տայ մարդուն: Աշխատանք մը ստիպողաբար կատարելուն եւ ազատ կամքով կատարելուն միջեւ հսկայ տարբերութիւն գոյութիւն ունի: Մինչ առաջին պարագային գործը շուտով կատարելու եւ աւարտին հասցնելու միտում կայ, սակայն երկրորդ պարագային, բծախնդրութիւնը կը դառնայ գործը կատարողին համար առաջնահերթութիւն: Կարելի՞ է միթէ այսպիսի աշխատանքի արդիւնքը ձախողած տեսնել: Եթէ մասնաւոր դէպք կամ արկած չպատահի, անպայման որ բծախնդիր աշխատանքին արդիւնքը պիտի ըլլայ բացառիկ: Որովհետեւ այս պարագային, աշխատողը իր սիրտն ու հոգին կը դնէ իր աշխատանքին մէջ ու ո՛չ թէ պարտաւորուած ըլլալով, այլ՝ սիրո՛վ կը կատարէ իրեն վստահուած գործը: Աւելին, հնազանդութեան հոգիով կը կատարէ ան այդ գործը, ո՛չ թէ իբրեւ հրահանգ ընդունելով տրուածը, այլ՝ իբրեւ ծառայութիւն, այս բառին ազնուական իմաստով: Որովհետեւ ծառայութիւն բառը յաճախ կը շփոթուի ստրկութեան, կամ լաւ եւս՝ ստիպողաբար աշխատանք մը կատարելու պարտաւորուածութեան հետ:

Մեծ մարդոց արժանիքը կը կայանայ՝ որո՞ւն, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հնազանդելուն մէջ: Վստահաբար բարոյական բարձր արժանիքի տէր մարդիկ, որոնք բարձր դիրքերու հասած են իրենց կեանքի ընթացքին, բարձր արժանիքի տէր մարդոցմէ սորված կ՛ըլլան հնազանդութեան ոգին: Անոնք լաւապէս հասկցած կ՛ըլլան, թէ հնազանդութիւնը նուաստացուցիչ քայլ մը չէ՛, ո՛չ ալ բռնաւորի մը յաւիտենական ծառայութեան կը լծէ հնազանդող անձը: Այլ, ընդհակառակը, հնազանդութեան ոգի ցուցաբերող ենթական, գիտակից համբերութեամբ կը հասնի այն բարձունքին, որ վայել է իրեն, այսինքն՝ հնազանդ մարդուն:

Գիտակից հնազանդութիւնը եթէ ուզենք բացատրել, կ՛ունենանք հետեւեալ արդիւնքը.

Հնազանդողը եթէ գիտակից է, ուրեմն պէտք է կարենայ որոշել նախ, թէ որո՞ւն պիտի հնազանդի: Երկրորդ կէտը, որ կը բացատրէ գիտակից հնազանդութիւնը, ճշգրիտ պահը կամ ժամն է: Այսինքն՝ ե՞րբ պէտք է հնազանդիլ: Երրորդ կէտը, որ կը բացատրէ գիտակից հնազանդութիւնը, զայն ինչպէ՞ս կատարելու մասին է: Այստեղ, արդէն պէտք է խօսիլ այն նուիրուածութեան մասին, որ կը պահանջէ հնազանդութիւնը:

Համայն մարդկութիւնը զարմացնող գլխաւոր երեւոյթը աշխարհի պատմութեան՝ Յիսուսի հնազանդութիւնն էր Հօր Աստուծոյ կամքին: Մարդեղութիւնը վասն փրկագործութեան մարդոյ ինքնին գերագոյն հնազանդութեան պատմութիւն մըն է, անբացատրելի եւ անկրկնելի:

Աստուածային այս հնազանդութիւնը, զարմանալիօրէն, տեղի ունեցաւ նաեւ Յիսուսի մարդեղացած ժամանակահատուածին մէջ եւս:

Աւետարանները Յիսուսի կեանքը չե՛ն ներկայացներ, այլ՝ գործը, ստանձնած առաքելութիւնը: Ուստի, շատ քիչ մանրամասնութիւն կը գտնենք Աւետարաններուն մէջ Յիսուսի կեանքին մասին, բացի այն դրուագներէ, որոնք ուղղակի կապ ունին իր փրկագործական առաքելութեան հետ: Այսպէս, օրինակ՝ ծնունդը եւ մկրտութիւնը յիշուած են այնտեղ իբրեւ Անոր առաքելութեան հետ ուղղակի կապ ունեցող դէպքեր:

Աւետարանիչները կարեւորութեամբ յիշած են նաեւ դրուագ մը Անոր պատանեկութեան տարիքէն, երբ տաճարին մէջ նստած, Օրէնքի ուսուցիչներուն հետ կը զրուցէ աստուածաբանական հարցերու շուրջ, տեսակէտներ յայտնելով: Հազիւ տասներկու տարեկան պատանի Յիսուսը այնքան իմաստութիւն ունէր, որ կը զարմացնէր զինք լսող ուսեալ ու փորձառու մարդիկը հրեայ տաճարականներուն:

Տօնական օրուան խճողումին պատճառով յանկարծ իր ծնողներուն ուշադրութենէն աննկատ հեռացած պատանի Յիսուսը երբ կը փնտռեն ու կը գտնեն, Յովսէփ եւ Մարիամ յանդիմանելով զայն, դարձեալ իրենց ուխտաւորական խումբին կը միացնեն:

Քրիստոնէական դարաշրջանի երկրորդ հազարամեակը արդէն աւարտած քրիստոնեաներս, շատ լաւ գիտենք, թէ այդ փոքրիկ Յիսուսը շատ աւելի իմաստութիւն ունէր, քան՝ գալիլիացի Իր խնամատար հայրը՝ Յովսէփը, կամ Իր Աստուածածին մայրը՝ Մարիամ:

Բայց՝ հնազանդեցաւ…

Այսօր, արհեստագիտութեան այսքան վերելք ապրող դարուն, երբ իրենց վաղ հասակին այնքան «մասնագէտ» կը դառնան մանուկներ եւ պատանիներ թուային համակարգ ունեցող զանազան գործիքներու, երբեմն ո՛չ միայն անհնազանդութեան ոգի կը ցուցաբերեն իրենց դեռ երիտասարդ ծնողներուն եւ մեծ ծնողներուն, այլեւ համարձակութիւնը կ՛ունենան «դուն չե՛ս գիտեր» ըսելու անոնց երեսն ի վար:

Յիսուս շատ աւելի՛ն գիտեր, նոյնիսկ եթէ բաղդատենք Իր անսահման գիտութիւնը այսօրուան արհեստագիտական դարու յառաջադէմ գիտութեան հետ: Որովհետեւ բոլոր գիւտարար շնորհքները բաշխողը Ի՛նք է:

Բայց՝ հնազանդեցաւ…

Հնազանդութիւնը, ուրեմն կարելի՛ է անուանել աստուածային կարողութիւն մը մարդուն մէջ, որ հակառակ նոյնիսկ անսահմանելի գիտութեան, կրնայ խոնարհութիւն ցուցաբերել եւ հեզաբար ընդունիլ տրուած հրահանգ մը: Յիսուսի արտայայտած հնազանդութիւնը, զԻնք պիտի առաջնորդէր երկրորդ հնազանդութեան մը Աստուծոյ կամքին, որ էր խաչին մահը յանձն առնելու գերագոյն հնազանդութիւնը:

Եթէ Յիսուս հնազանդեցաւ, դուն ինչպէ՞ս կրնաս մերժել հնազանդիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.