2016-06-01 11:04:00

''Խոնարհ աղօթքը ողորմութիւն կ՛ընդունի''Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 1 Յունիս 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց դարձեալ ողորմութեան վրայ ու յատկապէս անդրադառնալով այդ ողորմութիւնը ընդունելու խոնարհ աղօթքին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, սկիզբ տալով խորհրդածութեան, անցեալ չորեքշաբթի ունկնդրեցինք անիրաւ դատաւորին եւ այրի կնոջ առակը, հայող  յարատեւ աղերսի անհրաժեշտութեան։  Այսօր այլ առակով մը Յիսուս մեզի կ՛ուզէ ուսուցանել ո՞րն է ուղիղ վարուելակերպը աղօթելու ու հայցելու համար Հօր Աստուծոյ ողորմութիւնը։ Փարիսեցիին ու մաքսաւորին առակը (Ղուկաս 18, 9-14)։

Առակին երկու դերակատարները, ըսաւ Սրբազան Հայրը, տաճար կ՛ելլեն աղօթելու, սակայն անոնք տարբեր ձեւով կը վարուին ու տարբեր արդիւնք կը ստանան։

Փարիսեցին կ՛աղօթէ ոտքի կանգնած։ Անոր աղօթքը Աստուծոյ ուղղուած գոհունակութեան աղօթք էր այո` սակայն իրականութեան մէջ անձնական արժանիքներու ցուցադրում մըն էր այդ, ուր պարծանքի զգացումով կը մօտենայ այլ մարդոց նկատմամբ որոնք որակուած են որպէս գող, չարագործ, կամ շնացող, ինչպէս նաեւ մաքսաւոր։

Փարիսեցին աղօթելէն աւելի ի յայտ կը դնէ իր արժանիքները ու անոր վարուելակերպը հեռու է Աստուծոյ վարուելակերպէն ու անոր մօտեցումէն, որ կը սիրէ բոլոր մարդիկը եւ չ՛անարգեր մեղաւորները. Այդ Փարիսեցին ինքզինք արդար կը նկատէ սակայն զանց կ՛ընէ ամենակարեւոր պատուիրանը` Աստուծոյ ու մերձաւորին նկատմամբ սէր։

Բաւարար չէ առ այդ գիտնալ թէ որքան կ՛աղօթենք. Այլ հարց տալու ենք ի՞նչպէս կ՛աղօթենք ու առ աւելին ի՞նչպիսի կացութեան մէջ կը գտնուի մեր սիրտը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մատնանշելով թէ հարկաւոր է, հակառակ առօրեայի բազմազան մտահոգութիւններուն, վերագտնել լռութեան ու մտերմութեան արժէքները, որովհետեւ հոն է որ Աստուած մեզի կը հանդիպի ու մեր հետ կը խօսի։ Փարիսեցին արդարեւ ինքնահաւան կ՛ուղղուի տաճար առանց անդրադառնալու թէ կորսնցուցած է իր սրտին ճանապարհը։

Մինչ՝ Մաքսաւորը տաճար կը մտնէ հեզ ու զղջացած սրտով, մեկուսի կեցած, նոյնիսկ աչքերը դէպի երկինք չէր բարձրացներ, այլ կուրծքը բախելով կ՛ըսէր ''Աստուած իմ, ներէ ինծի, մեղաւոր եմ''. Մաքսաւորները արդարեւ նկատուած էին որպէս անարդար մարդիկ ու մեղաւորներ։ Մաքսաւորին այդ պարզ աղօթքը հիմնական է։ Ան կը վարուի հեզութեամբ, վստահ ըլլալով որ մեղաւոր է ու կարիքը ունի գթութեան։ Փարիսեցին ոչ մէկ բան կը խնդրէ որովհետեւ կը կարծէ ամէն ինչ ունենալ, մինչ մաքսաւորը կը մուրայ Աստուծոյ ողորմութիւնը, այնտեղ ներկայանալով դատարկ ձեռքերով, մերկացած սրտով ինքզինք ճանչնալով որպէս մեղաւոր ու մեզի ներկայացնելով հարկաւոր ուղին ընդունելու համար Տիրոջ ներումը ու դառնալով իսկական հաւատացեալի տիպար։

Յիսուս առակը կ՛աւարտէ դատավճիռով մը. ''Կ՛ըսեմ ձեզի, ասիկա տուն իջաւ աւելի արդարացած քան միւսը։ Որովհետեւ ով որ ինքզինք բարձրացնէ պիտի խոնարհի եւ ով որ ինքզինք կը խոնարհեցնէ պիտի բարձրանայ''։

Ամբարտաւանութիւնը դատարկ կը դարձնէ աղօթքը ու մեզ կը հեռացնէ Աստուծմէ եւ ուրիշներէն, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին, հաստատելով թէ Աստուած կը նախընտրէ խոնարհութիւնը որպէս միջոց բարձրանալու դէպի Իրեն, ու փորձարկելու ողորմութիւնը որ կու գայ լեցնելու մեր սրտերը։ Եթէ ամբարտաւանին աղօթքը չի հասնիր Աստուծոյ սրտին, թշուառին հեզութիւնը այդ դռները կը բանայ։ Այդ նոյն հեզութիւնը զոր Սուրբ Կոյս Մարիամը ցուցաբերեց Մեծացուսցէին մէջ...թող Ան` մեր Մայրը, մեզի օգնէ որպէսզի աղօթենք հեզութեամբ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.