2016-06-01 09:18:00

Գերապայծառ Ռաֆայէլ Մինասեանի զրոյցը Ռատիովատիկանի Հայկական Բաժնի 50 ամեակին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ կիրակի 29 մայիս 2016-ին, Վատիկանի Ձայնասփիւռի հայկական բաժինը ամբողջացուց իր գործունէութեան 50 ամեակը։  Ռատիովատիկանի հայկական բաժանմունքը հիմնադրուած է կէս դար առաջ, երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանի նախաձեռնութեամբ եւ ահա 50 տարիներէ ի վեր, Ռատիովատիկանի այլ բաժանմունքներու հետ միասին կը ծառայէ, տիեզերական եկեղեցւոյ ու Սրբազան Քահանայապետին ձայնն ու պատգամը հասցնելու ամենուրէք, ու յատկապէս այնտեղ ուր կարիքը կայ Աստուծոյ Խօսքին, Աստուածային ողորմութեան ու Աստուածային յոյսին։

Ռատիովտակիանի հայկական բաժանմունքի 50րդ տարեդարձին առթիւ ` Ընկերային Հաղորդամիջոցներուն Պատրիարքական յանձնախմբի նախագահ`  Գերապայծառ Ռաֆայէլ Մինասեան որ ներկայ գտնուեցաւ, Հայկական բաժնի 50րդ յոբելեանի նշման արարողութեան, այս առթիւ մեր հետ ունեցաւ զրոյց մը որուն ընթացքին փոխանցեց իր անցեալի յիշատակները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.