2016-06-01 09:36:00

՝՝Նիճերիոյ մէջ գոյութիւն ունի քրիստոնեաները բնաջնջելու ծրագիր մը՝՝


 (Ռատիօ Վատիկան ) Նիճերիոյ հիւսիսային տարածաշրջանին մէջ 2006-2014 տարեշրջաններուն, Պոքո Հարամ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ սպաննուած են աւելի քան 11 հազար քրիստոնեաներ, տեղահանութեան մատնուած են 1.3 միլիոն անձինք եւ  կործանուած կամ լքուած վիճակի մէջ են 13 հազար եկեղեցիներ։ Այս մասին  վկայած է Նիճերիոյ Քաֆանշան թեմին եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ժոզէֆ Պակոպիրի,  որ որպէս հիւր  իր մասնակցութիւնը բերած  է Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ կայացած ՝՝Կրօնային ազատութիւն  եւ աշխարհի  քրիստոնեաներու ու կրօնային  փոքրամասնութիւններու  բռնաբարութիւններ՝՝ խորագիրը կրող    դասախօսութեան։    
Գերապայծառ Պալոպիրի  իր ներկայացուցած զեկոյցին  մէջ յայտնած է ,  թէ գոյութիւն ունի կանխամտածուած   եւ կազմակերպուած ծրագիր մը, որուն նպատակն է բնաջնջել Նիճերիոյ հիւսիսային շրջանի   քրիստոնեայ բնակիչները։ Ան  ապա կոչ ուղղած է  աշխարհի իշխանութիւններուն կասեցնելու համար քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքներն ու ջարդը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.