2016-05-31 11:14:00

Մարեմեան ամսուայ եզրափակում Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 31 Մայիս 2016-ին, կ՛եզրափակուի Աստուածամօր ջերմեռանդութեան նուիրուած ամիսը։ Արդարեւ ամբողջ մայիս ամսուայ ընթացքին բոլոր եկեղեցիներուն եւ ժողովրդապետութիւններուն մէջ ջերմեռանդական յատուկ արարողութիւններ կազմակերպուեցան, յատկապէս Սուրբ Վարդարանի աղօթքով ու Աստուածամօր նուիրուած Լիթանիայի երգեցողութեամբ։

Մարեմեան ամսուայ եզրափակումին առթիւ Վատիկանի մէջ, երեկոյեան ժամը 8-ին, նախատեսուած է Սուրբ Վարդարանի աղօթքը որ սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Ստեփանոսի Եկեղեցիէն եւ վարուած ջահերով, թափօրով կ՛ուղղուի մինչեւ Վատիկանի Պարտէզներու` Լուրտի Քարայրը, ուր նախատեսուած է Վատիկանի Պետութեան` Քահանայապետի տեղակալ Կարդինալ Անճելօ Քոմասթրիի խորհրդածութիւնը։ Սոյն արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Վատիկանի աշխատակիցներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.