2016-05-30 08:12:00

Մոկերինի. «Լիբանան չի կրնար նախագահական թափուր աթոռով մնալ»


Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը Լիբանանի մէջ նախագահական թափուր աթոռին երկամեայ տեւողութեան առիթով: Ան հաստատեց Լիբանանի ապահովութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանան ազատութեան, բազմազանութեան եւ ներողամտութեան օրինակելի տիպարն է շրջանին մէջ: «Սակայն անոր դիմագրաւած քաղաքական տագնապը երկարատեւ դարձած է եւ կարելի չէ այս ձեւով գոյատեւել` նկատի ունենալով, որ անոր դիմագրաւած նախագահական թափուր աթոռին դրութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ իր սահմանադրական հաստատութիւններուն վրայ», շեշտեց ան:

Մոկերինի ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը լիբանանեան քաղաքական ուժերուն կոչ կ՛ուղղէ անձնական հարցերը մէկդի դնելու եւ նախագահական ընտրութեան առումով լուծումներ գտնելու:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Լիբանան չի կրնար նախագահական թափուր աթոռով շրջանային տագնապներուն լուծման սպասել:

Միւս կողմէ, Մոկերինի դրուատեց Լիբանանի կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերը` պահպանելու համար երկրին եւ հաստատութիւններուն աշխատանքը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց երկրին ապահովական կայունութիւնը` պահպանելու լիբանանեան բանակին ճիգերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.