2016-05-29 13:51:00

Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթել Սուրիոյ մանուկներուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 26 Մայիս 2016-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ ուղղած հակիրճ խօսքին մէջ յատուկ ողջոյն մը ուղղեց  Իտալիայէն եւ աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած սարկաւագներուն, ապա ողջունեց զանազան վայրերէն ժամանած ուխտաւորները  ու նշեց թէ յառաջիկայ Չորեքշաբթի` 1 Յունիսին, Մանուկի համաշխարհային օրուան առթիւ, Սուրիոյ քրիստոնեայ հասարակութիւնները, ըլլայ օրթոտոքս, ըլլայ կաթողիկէ, միասնաբարպիտի ապրին խաղաղութեան յատուկ աղօթք մը, որուն դերակատարները պիտի ըլլան Մանուկները։

''Սուրիոյ մանուկները կը հրաւիրեն աշխարհի բոլոր մանուկները իրենց միանալու այս խաղաղութեան աղօթքին մէջ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ու Անոր հովանիին յանձնելով աշխարհի բոլոր սարկաւագները։








All the contents on this site are copyrighted ©.