2016-05-27 14:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը կարդինալ Քափովիլլայի մահուան ի լուր


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 27 մայիս 2016-ին, կարդինալ Քափովիլլայի վախճանման ի լուր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց Պերկամօ թեմի եպիսկոպոսին՝ գերապայծառ Ֆրանչիսկոս Պեսքիին ։

Հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայրը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց թեմի եպիսկոպոսին, թեմի բովանդակ հասարակութեան ու մայրապետներուն ­ որոնք մեծ սիրով հոգածած են ծիրանաւորին , ինչպէս նաեւ անոր  ընտանեկան պարագաներուն ,բարեկամներուն եւ բոլոր անոնց որոնք մեծ համակրանք ունէին ծիրանաաւորին նկատմամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հեռագիրին  մէջ յայտնեց ապա, թէ Ինք մեծ գորովով կը մտաբերէ Սիրելի եղբայրը, որ իր բեղուն կեանքին ընթացքին ուրախութեամբ  վկայած է Աւետարանը ինչպէս նաեւ հեզութեամբ ծառայած է եկեղեցւոյ՝ սկսեալ Վենետոկի թեմէն, ապա  Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին մատուցած ծառայութեամբ։։  Քիեթի-Վասթօ, Լորեթօ Թեմի եպիսկոպոսական առաքելութեան  ընթացքին, վախճանեալ ծիրանաւոր միշտ եղած է հովիւ մը որ ամբողջութեամբ նուիրուած է քահանաներուն եւ հաւատացեալներուն բարիքին, հաւատարիմ գտնուելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին ուղեցոյցին։

 Սրբազան Հայրը հեռագիրին աւարտին աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած հայցելով Տիրամօր  ու Սուրբ Մարկոս Աւետարանիչի բարեխօսութիւնը, Որպէսզի Տէրը հաւատարոմ ծառան ընդունի յաւիտենական խաղաղութեան մէջ ու ապա իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհած է բոլոր անոնց որոնք կ՛ ողբան ծիրանաւորին վախճանումին համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.