2016-05-27 12:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի՝՝Մանուկներու շոգեկառք՝միջոցառումի մասնակցող մանուկներուն


(Ռատիօ Վատիկան)  Ինչպէս ամէն տարի` Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի կողմէ ձեռնարկուած ''ոչ հաւատացեալներու գաւիթ'' ծրագիրը  կազմակերպած է ՝՝մանուկներուն շոգեկառք միջոցառումը,  որ  այս տարի  նուիրուած է դժուար կացութեան մէջ գտնուող մանուկներուն։

Ձեռնարկը կը կրէ ՝՝Փոխադրուիր ալիքներէն՝՝ խորագիրը։

Իտալիոյ Քալապրիա մարզէն շոգեկառքով դէպի Վատիկան փոխադրուող մօտաւորապէս  չորս հարիւր մանուկներ՝ Վատիկան ժամանումին, շաբաթ 28 մայիս 2016 ժամը 11,20-ին. պիտի դիմաւորուին նուագներու կատարողութեամբ իրենց  տարիքը ունցեցող 60 մանուկներէ կազմուած Փալերմոյի երգչախումբի անդամներէն եւ այլ 50 ''մարզանք առանց սահմանի'' ընկերակցութեան մանուկներու կողմէն։

Ձեռնարկը իր գագաթնակէտին կը հասնի կէսօրին՝  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ մանուկներուն հետ հանդիպումով։

  ՝՝Փոխադրուիր ալիքներէն՝՝ ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ կարդինալ Ժանֆրանքօ Ռավազին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.