2016-05-27 09:27:00

Իրաքի մէջ 30 Մայիսին կրօններու աղօթք ի սպաս խաղաղութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Քաղդէացիներու Պատրիարք գերերջանիկ Լուսի Ռաֆայէլ Սաքօ հրաւիրած է քրիստոնեաները, Մահմետականները, Եազիտիները եւ այլ կրօններու հաւատացեալները, միասնաբար աղօթելու ի սպաս Իրաքի խաղաղութեան։

Միջ-կրօնական այս հանդիպումը որուն ընթացքին կը նախատեսուին, սաղմոսական ընթերցումներ եւ հոգեւոր երգեր, տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի`  30 Մայիս 2016-ին, Պաղտատի ''Վարդարանի Թագուհի'' անուան եկեղեցւոյ մէջ, որուն ընթացքին պիտի նշուի նաեւ Աստուածամօր Նուիրուած ամսոյն եզրակացութիւնը։

''Աղօթել Իրաքի խաղաղութեան համար որովհետեւ համոզուած եմ որ զինուորական լուծումները կարող չեն լուծել հակամարտութիւնները որուն գինը կը վճարեն անմեղ քաղաքացիները։ Տիրոջ ոտքին անկեղծ աղօթքն է որ մեզ ներքնապէս կը  փոխէ  ու մեզի կը պարգեւէ խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ աւելի լաւ աշխարհի ի սպաս ծրագիրի մը իրականացումը` բոլորին համագործակցութեամբ'', ըսած է Պատրիարք Սաքօ ընդգծելով թէ 30 Մայիս թուականը ընտրուած է նշելու` ըլլայ Մարեմեան ամսուայ եզրակացութիւնը ըլլայ մահմետականներու Ռամատանի սուրբ ամսուայ մօտեցումը։

Միջ կրօնական աղօթքի հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ դիւանագիտական մարմնի անդամներ բայց ոչ կառավարական մարդիկ։

''Յոյս ունիմ որ գէթ այդ օր` Պաղտատի մէջ տիրէ անդորրութեան մթնոլորտ'' յայտնած է պատրիարք Սաքօն։








All the contents on this site are copyrighted ©.