(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 6 Յունիսին` Երուսաղէմի նոր Պահակը´ հայր Patton պաշտօնապէս մուտք կը գործէ Ս. Երկիր, իր նոր պաշտօնը ստանձնելու համար։ Նոր Պահակին պաշտօնին ստանձնումը կը յատկանշուի նշանակալից երեք արարողութիւններով որոնք տեղի կ՛ունենան երեք վայրերու մէջ` Երուսաղէմ, ս. Թաղման տաճար ու Բեթղեհէմ։
Երկուշաբթի 6 Յունիս 2016-ին- Ս. Փրկիչ վանքին մէջ կը կարդացուի նշանակումի նամակը, ապա կը կատարուի հաւատարմութեան երդումը։ Հուսկ` նախորդ Պահակը կը յանձնէ Պահակութեան կնիքը, որու վրայ փորագրուած է. “Sigillum Guardiani Sacri Conventus Montis Sion” “ ս. Սիոնի վանքին Պահակին Կնիքը”, հուսկ ամէն կրօնաւոր հնազանդութեան խոստում կը կատարէ նոր Պահակին։
Երեքշաբթի 7 Յունիս 2016-ին – Նոր պահակը Մուտք կը կատարէ ս. Թաղման տաճար, ուր կ´ընդունուի Յոյն օրթոտոքս, ֆրանչիսկեան ու Հայ` երեք համայնքապետերէն։
Հինգշաբթի 9 Յունիսին` Մուտք Բեթղեհէմ։ Տեղական ֆրանչիսկեան պահակէն ընդունուելէ ետք Երուսաղէմի Նոր Պահակը` հայր Patton կ´ուղղուի դէպի Ծննդեան պազիլիքա ուրկէ մուտք կը գործէ Պազիլիքայի խոնարհ դռնէն։ Հոն եւս կ´ընդունուի Յոյն օրթոտոքս, ֆրանչիսկեան ու Հայ երեք համայնքապետերէն։
Նշենք որ Ս. Երկրի Պահակի պաշտօնին տեւողութիւնը 6 տարի է, եւ կարելի է նորոգուիլ այլ երեք տարիներու համար ու բացառաբար այլ երեք տարիներ եւս։
All the contents on this site are copyrighted ©. |