2016-05-26 21:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2016-ին,  ըստ Վատիկանի Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեկոյեան ժամը 7ին,  Հռոմի Լատերանեան Ս. Յովհաննէսի անուան մայր տաճարի հրապարակին վրայ հանդիսապետեց Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնի սուրբ պատարագը,  որուն աւարտին ապա գլխաւորեց Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը որ սկիզբ առաւ Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայի հրապարակէն ու վերջ գտաւ Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ - Աւագ Տիրամօր նուիրուած տաճարի հրապարակին վրայ։

Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց սուրբերը, ծնողները ու բազմաթիւ քրիստոնեաներ որոնք իրենց կեանքը ''բեկանեցին'' ուրիշներու համար որպէս համայն աշխարհի սիրոյ նշան։

Սրբազան Քահանայապետը քարոզը սկսաւ յիշատակելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը

<<Ասիկա ըրէք իմ յիշատակիս համար>>։
Պօղոս առաքեալը, ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապը, երկու անգամներ կը մէջբերէ Յիսուսի այս պատուիրանը խօսելով Ամենասուրբ Հաղորդութեան հաստատութեան մասին։ Ասիկա ամենահին վկայութիւնն է Վերջին Ընթրիքին հայող Յիսուսի խօսքին։
Ասիկա ըրէք, այսինքն առէք հացը, գոհութիւն մատուցէք ու բեկանեցէք. Առէք բաժակը գոհութիւն մատուցէք ու բաժնեցէք զայն։ Յիսուս այս հրահանգը կու տայ ոգեկոչելու համար յիշատակը իր Զատկին, որու միջոցաւ մեզի տուաւ իր Մարմինն ու Արիւնը։ Այս յիշատակութիւնը մեզի հասաւ եւ անով կը կատարենք Ս. Հաղորդութիւնը եւ որուն առարկան միշտ Յիսուսն է, սակայն կ´իրագործուի Ս. Հոգիէն օծուած մեր համեստ ձեռքերով։
Ասիկա ըրէք։ Նախապէս Յիսուս իր աշակերտներուն ըսած է ընել։ Յոգնած ու սոված բազմութեան ի տես Յիսուս իր աշակերտներուն կ´ըսէ . Դուք տուէք անոնց կերակուր։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսն է որ կ´օրհնէ ու կը բեկանէ հացերը ու ամէնքը կը կշտանան, սակայն հինգ հացերն ու երկու ձուկերը աշակերտներու ձեռքով բաժնուեցան։ Յիսուս այդ կ´ուզէր . Փոխանակ բազմութիւնը ցրուելու, աշակերտներէն խնդրեց տալ այն քիչը որ ունէին։ Բացայայտ է որ հացերու բազմացումի հրաշքը նպատակ չուէր միայն կշտացնել օրուան անօթութիւնը, այլ նշան մըն էր որ կը յատկանշէր այն ինչ որ Յիսուս կ´ուզէ կատարել համայն մարդկութեան փրկութեան համար, տալով իր մարմինն ու իր արիւնը։
Յիսուս ինքզինք տուաւ մեզի համար ու մեզմէ կը խնդրէ որ մենք եւս մենք մեզ պարգեւենք ուրիշներուն։ Հացի բեկանումը դարձաւ սրբանկարը, նշանը` ճանչնալու Քրիստոսը ու քրիստոնեաները։ Յիշենք Էմմաւուսի աշակերտները, անոնք ճանչցան զԻնք հացի բեկանումի ընթացքին։ Յիշենք Երուսաղէմի առաջին հասարակութիւնը. Անոնք յարատեւ կը բեկանէին հացը։ Սկիզբէն ի վեր Ս. Հաղորդութիւնը դարձաւ կեդրոնը ու ապրելակերպը եկեղեցւոյ կեանքին։ Յիշենք բոլոր սուրբերն ու սրբուհիները, ծանօթ կամ անծանօթ, որոնք բեկանեցին իրենց կեանքը` իրենց  եղբայրներուն համար։ Քանի՜ մայրեր, քանի՜ հայրեր տան ճաշասեղանի վրայ բեկանուած առօրեայ հացին հետ միասին, բեկանեցին նաեւ իրենց սիրտը, աճեցնելու ու լաւ մեծցնելու իրենց զաւակները,։ Քանի քրիստոնեաներ, որպէս պատասխանատու քաղաքացիներ, բեկանեցին իրենց կեանքը, պաշտպանելով բոլորին արժանաւորութիւնը ու յատկապէս աղքատները, գաղթականները ու հարստահարուածներ։ Ո՞ւրկէ կը գտնեն ոյժը այս կատարելու համար, Ճիշտ ս. Հաղորդութեան մէջ. Յարուցեալ Տիրոջ սիրոյ զօրութեան մէջ, որ այսօր եւս կը բեկանէ հացը մեզի համար ու կը կրկնէ. ''Այդ կատարեցէք իմ յիշատակիս համար''։

Թող որ քիչ ետք կատարելիք թափօրը համապատասխանէ Յիսուսի հրահանգին եւ ըլլայ Անոր յիշատակին համար կատարուած նշան, նշան այսօրուայ ամբոխին կերակուր տալու, նշան մեր հաւատքը ու մեր կեանքը բեկանելու որպէս Քրիստոսի սիրոյ նշան, այս քաղաքին ու համայն աշխարհին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.