2016-05-26 11:52:00

Հակառակորդը վերսկսած է խախտելու կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը


Մայիս 25-ի կէսօրէ ետք եւ լոյս 26-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահամանգիծին վրայ հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձիգային եւ դիպուկահար զինատեսակներէ ու ՀԱՆ-17 տիպի նռնականետէ վերսկսած է խախտելու նախորդ գիշեր եւ մինչեւ կէսօր պահպանուած կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը:

ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ` ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններ իրականացնելէ եւ շարունակած են վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.