2016-05-26 09:13:00

Ամենասուրբ Հաղորդութեան տօնին պատարագն ու թափօրը։


 (Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2016-ին, լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեկոյեան ժամը 7ին, աւանդութեան համաձայն,  Հռոմի Լատերանեան Ս. Յովհաննէսի անուան մայր տաճարի հրապարակին վրայ կը հանդիսապետէ Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնի սուրբ պատարագը,  որուն աւարտին ապա կը գլխաւորէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը որ սկիզբ կ՛առնէ  Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայի հրապարակէն ու վերջ կը գտնէ Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ - Աւագ Տիրամօր նուիրուած տաճարի հրապարակին վրայ։

Յայտնենք թէ այս տօնախմբութեան աւանդական թափօրը հաստատուած է 16րդ դարուն։ Մինչ Սուրբ  Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատուած է նոյնինքն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, վերնատան մէջ,  վերջին ընթրիքի պահուն, որ կը յիշատակուի Զատկուայ շրջանի` Աւագ հինգշաբթի օրը երեկոյեան։

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, ժամանակին կոչուած էր ''Աստուծոյ Տօն'' եւ առաջին անգամ կատարուեցաւ Պելկիոյ մէջ 1246-ին։ Ուրպանիոս Քահանայապետի օրով` 1264-ին, ան հաստատուեցաւ որպէս համայն եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուած օր։ Գրիգոր ԺԳ քահանայապետի օրով (1572-1585) սկիզբ առաւ տօնին առթիւ թափօր կատարելու աւանդութիւնը` Հռոմի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայէն մինչեւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա։ 1870-ին սոյն աւանդական թափօրի սովորութիւնը դադրեցաւ` եւ միայն 1979-ին է որ Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ քահանայապետը զայն վերահաստատեց ու մինչեւ օրս կը շարունակուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.