2016-05-25 14:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ''Անյայտ ճակատագրով մանուկներու'' ի սպաս։


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր կը նշուի անյայտ ճակատագրով մանուկներու միջազգային օրը։ Մեր բոլորիս պարտականութիւնն է պաշտպանել մանուկները, մասնաւորապէս անոնք որոնք շահագործումի, մարդավաճառութեան ու սխալ վարքագիծի թիրախ են։ Կը մաղթեմ որ քաղաքացիական եւ կրօնական իշխանութիւնները ցնցեն եւ զգայուն դարձնեն խղճերը, որպէսզի վերջ գտնէ մինակ, չարաշահուած եւ իրենց ընտանիքներէն ու ընկերութիւններէն հեռացուած մանուկներու նկատմամբ անտարբերութիւնը։

Բոլորդ կը հրաւիրեմ աղօթելու որպէսզի անոնցմէ ամէն մէկը վերադարձուի իր սիրելիներու սիրոյն։

Այս եղաւ կոչը զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ուղղեց համայն աշխարհին. յիշելու ու ի յայտ դնելու անյայտ ճակատագիրով մանուկներու հարցը։

Սրբազան Քահանայապետը  ապա հրաւիրեց բոլոր հաւատացեալները իրենց մասնակցութիւնը բերելու Ամենասուրբ Հաղորդութեան տօնին առթիւ` հինգշաբթի երեկոյեան Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս հրապարակին վրայ մատուցուած սուրբ պատարագին եւ անոր յաջորդող աւանդական թափօրին։ ''Կը հրաւիրեմ բոլոր հռովմէացիները եւ ուխտաւորները մասնակցելու այս հրապարակային հաւատքի արտայայտութեան ու Յիսուսի նկատմամբ Սիրոյն, որ իսկապէս ներկայ է Սուրբ հաղորդութեան մէջ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.