2016-05-25 07:30:00

Պատրիարքական Անուանումներ


Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Դիւանը կը յայտարարէ թէ երեքշաբթի 24 մայիս 2016-ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց հետեւեալ անուանումները կատարեց:

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութենէն Գերապատիւ Հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան տրամադրուեցաւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տէր Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեանին, յունիս 12-էն սկսեալ, Պոլսոյ  թեմին մէջ աշխատելու համար:

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութենէն Գերապատիւ Հայր Սեպուհ վարդապետ Կարապետեան անուանուեցաւ Աշրաֆիէի «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ: Ան իր նոր առաքելութիւնը պիտի սկսի 12 յունիսին: Գերապատիւ Հայր Սեպուհ անուանուեցաւ նաեւ Պատրիարքութեան Դիւանապետ, «Աւետիք» պաշտօնաթերթի խմբագրապետ եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան համացանցի պատասխանատու:

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութենէն Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծ.Վ. Եղիայեան անուանուեցաւ Զալքայի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ: Ան իր առաքելութիւնը պիտի սկսի 12 յունիսին:

 

Պէյրութ, 24 մայիս 2016

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան 








All the contents on this site are copyrighted ©.