2016-05-25 14:54:00

Կարդինալ Փարոլինի զրոյցը Իսթանպուլի մարդասիրական ժողովի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Իսթանպուլի մէջ կայացած  մարդասիրութեան  միջազգային խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ  Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլին, որ Վատիկանի Ռատիօ կայանի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին խորհրդաժողովը նկատեց դրական՝ իր ունեցած կէտնպատակներուն համար։  Ան ապա յոյս յայտնեց որ  խորհրդաժողովի բանակցութիւնները ու յայտարարութիւները  լոկ խօսքեր չմնան այլ թարգմանուին առարկայական գործերով՝ բոլոր տառապողներուն ի սպաս։

Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց՝ թէ մարդասիրական օժանդակութիւնները՝ արդիւնաբեր եւ ուժեղ դառնալու համար, հարկաւոր է որ  համակարգուած  ըլլան ապա թէ ոչ  բեկորուած  կամ կղզիացած  պատասխաններու  պարագային անոնք կրնան չի հասնիլ իրենց կէտնպատակին, այսինքն օգնել կարիքաւորներուն։

Ծիրանաւորը  ապա անդրադառնալով խորհրդաժողովին քաղաքական բնոյթին մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապի  խորհրդաժողովի մասնակիցներուն  ուղղած կարեւոր խօսքերուն՝, որուն մէջ  սրբազան Հայրը  յորդորած է ժողովականները սորվիլ տառապողներէն։ Կարդինալ Փարոլին հաստատեց՝ թէ Սուրբ Աթոռի եւ շատ մը պատուիրակութիւններուն դիրքը` անձի կեդրոնականութիւնն է, տառապանքի մէջ գտնուող  անձը։  

Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը անդրադարձաւ նաեւ վեհաժողովին՝ Սուրբ Աթոռի բերած  նպաստին, յարելով թէ  Սուրբ Աթոռը  իր մասնակցութեամբ ուզեց  թիկունք կանգնիլ խորհրդաժողովին, եւ իր գործնական մասնակցութիւնը բերաւ վեհաժողովի՝ երեք կլոր սեղաններու բանակցութիւններուն. որոնց ընթացքին շօշափուեցան հետեւեալ նիւթերը` վերջ դնել հակամարտութիւններուն` անոնց կանխարգիլումի միջոցաւ. Դիտարկել եւ յարգել միջազգային օրէնքները եւ  խաղաղութեան մշակոյթի   դաստիարակութիւնը։

Կարդինալ Փարոլին այս ծիրէն ներս յայտնեց թէ՝ Կաթողիկէ  աշխարհը արդէն շօշափելի  պատասխաններ կու տայ հարցերուն ու միջազգային մարդկայնական մարտահրաւէրներուն։   

Կաթողիկէ հաստատութիւնները, յատկապէս տեղական կազմակերպութիւնները, միշտ առաջիններն են ու շատ անգամ միակները` որ յանձնառու են այս ուղղութեամբ։  Ես կը յուսամ , որ այս համաժողովը եւ Սուրբ Աթոռին ներկայութիւնը  սատարեն զօրացնելու անոնց կամքը յարատեւելու մեր  այս եղբայրներուն ու քոյրերուն ի սպաս գործընթացին մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.