2016-05-25 07:47:00

Կարդինալ Թակլէ. ''Հարկաւոր է նայիլ տառապողին դէմքին եւ ոչ թէ վիճակագրութեան''


(Ռատիօ Վատիկան)  ''Մարդկայնական օգնութիւններ երաշխաւորելու պահուն հարկաւոր դիտել դէմքերը եւ ոչ վիճակագրութիւնները'' ըսաւ Կարդինալ Թակլէ իր մասնակցութիւնը բերելով Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցող մարդօգուտ վեհաժողովին։

Միջազգային Քարիթասի նախագահ եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի մայրաքաղաքի Մանիլա թեմին առաջնորդ Կարդինալ Թակլէ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով  մատնանշեց երեք կէտեր, վերակազմակերպելու համար մարդկային օգնութիւնները։ Առաջին´ ճանչնալ զոհերու մարդկային դիմագիծը և ոչ թէ վիճակագրութիւնները։ Երկրորդ´ յարգել ուրիշը օգնելու սկզբունքը, եւ ոչ թէ հսկողութեան ենթարկել տեղական հասարակութիւնները, ինչպէս կը կատարեն միջազգային մարմինները։ Երրորդ´ բաւարար չէ մարդօգնութիւնը, միջազգային հասարակութիւնը պէտք է դիմագրաւէ ընդհարումներու արմատները ու  այս առընչութեամբ լուծումներ առաջարկէ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.