2016-05-24 09:42:00

Կարդինալ ֆիլոնի. ''Քոլոմպիայի եպիսկոպոսները ըլլան սպասաւորները հաւատացեալներուն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ժողովուրդներու աւետարանութեան կառավարիչը կարդինալ Ֆերնանտօ ֆիլոնի, հովուական այցելութեամբ ներկայիս կը գտնուի Քոլոմպիայի մէջ, ուր անցեալ կիրակի օր ձեռնադրեց երկու նոր եպիսկոպոսներ։ Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ կարդինալը նախ հաղորդեց ֆրանչիսկոս Պապին օրհնութիւնը, ապա խօսքը ուղղելով նորօծ եպիսկոպոսներուն հրաւիրեց զանոնք ըլլալու ճշմարիտ հովիւներ։

''Եպիսկոպոսին իշխանութիւնը կը կայանայ եղբայրներու օգնութեան հասնելու մէջ ինչպէս նաեւ խօսքով ու բարի օրինակով վկայութիւն տալու Աւետարանի ճշմարտութեան` սրբացնելու համար Աստուծոյ ժողովուրդը'' ըսաւ Ծիրանաւորը սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։

Նշենք թէ 26 Մայիսին  Ժողովուրդներու աւետարանութեան կառավարիչը  պատարագ պիտի մատուցէ նորօծ եպիսկոպոսներուն հետ ապա պաշտօնապէս բացումը պիտի կատարէ Քոլոմպիայի միսիոներական ազգային 12-րդ ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.