2016-05-24 10:00:00

Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ. 120 զոհ, տասնեակ վիրաւորներ։


Լաթաքիոյ նահանգի Ճէպլէ քաղաքին մէջ այսօր առաւօտեան 4 ահաբեկչական պայթիւններու հետեւանքով  արձանագրուեցան120 զոհ եւ տասնեակ վիրաւորներ, որոնցմէ շատերուն վիճակը ծանր է: Պայթումներուն երկուքը տեղի ունեցած են քաղաքի ինքնաշարժներու կանգառի մուտքին, մէկը ելեկտրականութեան տնօրէնութեան շէնքին մօտ, իսկ վերջինը որ ահաբեկչական ինքնասպանական գործողութիւն մըն էր քաղաքի ազգային հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժինին մուտքին:

Ինչպէս կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը, Նոյն ժամերուն, Թարթուսի մէջ ահաբեկչական երեք պայթիւններու հետեւանքով արձանագրուած են 33 նահատակ եւ յիսունի հասնող վիրաւորներ, որոնցմէ շատերուն պարագաները ծանր են: Քաղաքի ինքնաշարժներու կանգառի մուտքին պայթած է ականուած ինքնաշարժ մը, կանգառին մէջ տեղի ունեցած է ահաբեկչական ինքնասպանական գործողութիւն մը, իսկ կանգառին դիմաց գտնուող բնակարանային համալիրին մօտ կրկին ահաբեկչական ինքնասպանական գործողութիւն մը:  Նշենք թէ, ահաբեկչական նմանօրինակ պայթիւններ տեղի ունեցան նաեւ Շաբաթ օր, Գամիշլիի մէջ, իսկ Հալէպի մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ շարունակեցին հրթիռակոծել խաղաղ բնակչութիւնը:

Սուրիոյ կառավարութիւնը խստիւ դատապարտեց Լաթաքիոյ, Թարթուսի, Գամիշլիի եւ Հալէպի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւնները:

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.