2016-05-24 10:10:00

«Թուրքիան՝ մէկ մարդու պետութիւն ստեղծելու ճամբուն վրայ Է» կ՛ըսէ Շուլց


«Տէօչէ Վելլէ» կը գրէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումին նախօրեակին քննադատած է Անգարան:

Շուլց յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ «եւրոպական արժէքներէն կտրուկ հեռացում» կը նկատուի:

«(Գերմանիոյ) վարչապետը, ինչպէս նաեւ եւրոպական այլ կառավարութիւններու ղեկավարներ պէտք է Թուրքիոյ նախագահին յստակ ըսեն, որ անոր քաղաքականութիւնը չի համապատասխաներ եւրոպական հիմնարար արժէքներուն եւ այդպիսի ձեւով ան չի նպաստեր Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններուն` այդ անդամակցութիւնը փաստացի կերպով անկարելի դարձնելով», յայտարարած է Շուլց:

Եւրոպական խորհրդարանի նախագահին կարծիքով` տեղի կ՛ունենայ «աննախադէպ քաղաքական ճնշում, որուն ազդեցութեան տակ ալ խորհրդարանը երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու մասին որոշում որդեգրած է»:

Ան կը կարծէ, որ Թուրքիան Էրտողանի գլխաւորութեամբ «մէկ մարդու պետութիւն» ստեղծելու ճամբուն վրայ է:

Սակայն Շուլց Թուրքիոյ հետ տեղահանուածներու հարցով համաձայնագիրի կնքումը սխալ չի նկատեր, որովհետեւ հակառակ պարագային «գինը պիտի վճարէին տեղահանուածները»:

«Մեզի պէտք է լաւ համաձայնագիր: Այդ պատճառով ալ մենք հետագային ալ պիտի աշխատինք Թուրքիոյ հետ, սակայն այլեւս լռելու իրաւունք չունինք», ըսած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.