2016-05-23 13:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝ չկայ քրիստոնեայ մը առանց ուրախութեան՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Առանց ուրախութեան քրիստոնեայ  մը կարելի չէ։ Կեանքի դժուարին պահերուն քրիստոնեան գիտէ ապաւինիլ  Յիսուսին եւ գիտէ յոյսով ապրիլ՝՝։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին երկուշաբթի, 23 մայիսին 2016-ի առաւօտուն Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը, որուն մէջ Քահանայապետը   դարձեալ մատնանշեց թէ  հարստութեան  տիրապետութեան ենթարկուիլը, կը տանի լոկ ՝ տխրութեան։   

Մեկնաբանելով օրուայ  Պետրոս Առաքեալի սուրբ գրային ընթերցումը,  Սրբազան Հայրը  յարեց թէ Քրիստոնեան կ՝ապրի ուրախութեան եւ զարմանքին մէջ շնորհիւ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան  եւ ընդգծեց՝ թէ նոյնիսկ եթէ տառապանքի մէջ գտնուինք երբեք մեզմէ պիտի չի խլուի սոյն ուրախութիւնը՝  Քրիստոսի մէջ վերածնունդի յոյսը։ 

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց  Քրիստոնեայի  անձնացրին ՝ որ է Աւետարանի ուրախութիւնը, ընդգծելով  թէ Քրիսոտոնեան ուրախութեան այր մարդ ու կին է, եւ թէ կարելի չէ գոյութիւն ունենայ առանց ուրախութեան քրիստոնեայ մը։

Քրիստոնեայի ինքնաթուղթն  է Աւետարանի ուրախութիւնը, Յիսուսի կողմէ ընտրուած ըլլալու ուրախութիւնը,  ինչպէս նաեւ  Յիսուսի մէջ վերածնունդի ուրախութիւնը , ուրախութիւնը այն յոյսին՝ որ Յիսուս մեզ կը սպասէ ըսաւ Ֆրանչիսոս Պապ  ապա շեշտեց, թէ  Քրիստոնեան   կ՝աճեցնէ սոյն ուրախութիւնը՝ յոյսը դնելով Աստուծոյ վրայ։ Աստուած միշտ կը յիշէ իր կնքած դաշինքը եւ Քրիստոնեան իր կարգին գիտէ, որ Աստուած զինք  կը սիրէ եւ կ՝ընկերանայ եւ կը սպասէ անոր։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով ապա օրուայ աւետարանի ըներցումին, ուր կը խօսուի հարուստ երիտասարդի մը Յիսուսի հետ հանդիպումին մասին ըսաւ ՝՝Հարուստ երիտասարդը չի կարողացաւ սիրտը ուրախութեան բանալու, ան ընտրեց տխրութիւնը , որովհետեւ հարուտ եւ անթիւ ստացուածքներ ունէր։ Յիսուս երիտասարդին ըսաւ, որ կարելի չէ երկու տէրերու ծառայել՝ թէ Տիրոջ եւ թէ հարստութեան։

՝՝Հարստութիւնը ինքնին քէշ իրողութիւն մը չէ, քէշ իրողութիւն կը դառնայ երբ կը ծառայենք  հարստութեան՝՝ ըսաւ Ֆրանչսիսկոս Պապ ու  քարոզի աւարտին յորդորեց չի փնտռել երջանկութիւնը մեզ տխրեցնող  իրողութիւններուն մէջ ընդգծելով՝ թէ Քրիստոնեայի ուրախութիւնը, զարմանքի ուրախութիւնը  եւ թէ   աշխարհիկ իրողութիւններէն ձերբազատուիլը՝ որոնք պատճառ են մեր Յիսուսէն հեռացումին, կարելի է լոկ Աստուծոյ եւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ՝՝

Հայցենք  Տիրոջմէ իր դիմաց գտնուելու զարմանքի շնորհքը, շնորհքը գտնուելու հոգեւոր անթիւ հարստութիւններու դիմաց որպէսզի այդ զարմանքը մեզի պարգեւէ  ուրախութիւնը` դժուարութիւնները ապրելու սրտի խաղաղութեամբ։ Թող Տէրը պահպանէ մեզ` երջանկութիւնը փնտռելէ  տխուր իրողութիւններուն մէջ՝՝ ըսաւ Քահանայապետը ու շեշտեց Քրիստոնեան ուրախութեան այր ու կին է, Տիրոջ մէջ ուրախութեան, Ան զարմանքի այր ու կին է՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.