2016-05-23 08:36:00

Իսթանպուլի մարդասիրական վեհաժողովէն զօրակցական պատասխան մը կ՛ակնկալուի։


(Ռատիօ Վատիկան) 23 եւ 24 Մայիսին,նախաձեռնութեամբ ՄԱԿին, Իսթանպուլի մէջ գումարուած է մարդասիրական առաջին վեհաժողովը, որպէս նպատակակէտ ունենալով` սերտել նոր մօտեցումներ եւ նոր եղանակներ դիմագրաւելու տագնապի իրավիճակները։ Սոյն ժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Վատիկանի բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Ս. Աթոռի Պետական քարտուղար´ կարդինալ Փարոլինի որուն կ´ընկերանան ՄԱԿի մօտ մնայուն դէտը`գերապայծառ Bernardito Auza ու ՄԱԿի Ժընեւի գրասենեակի մօտ երբեմնի մնայուն դէտ` գերապայծառ Silvano Maria Tomasi ։

Իսթանպուլի վեհաժողովին կը մասնակցին 110 երկիրներ, 50 նախագահներ կամ վարչապետներ եւ աւելի քան 6 հազար կառավարական եւ ոչ-կառավարական պատուիրակներ։

Հաւաքին մասնակցողներէն խնդրուած է վերատեսել օգնութիւններու մատակարարութիւնը, նկատի առնելով որ ՄԱԿ-ի բարերարները 2015-ին շնորհած են աւելի քան 10 միլիառ տոլար։ Նշենք որ աշխարհի մէջ աւելի քան 125 միլիոն անհատներ կախում ունին միջազգային օգնութիւններէն եւ 60 միլիոն անհատներ փախստականի իրավիճակի մէջ կ՛ապրին։ 

Գերապայծառ Silvano Maria Tomasi պատասխանելով Ռատիովատիկանի մեր թղթակիցի հարցումներուն յայտնեց թէ այս Վեհաժողովը կը համապատասխանէ ներկայ հրատապ կացութեան, ուր առաջին անգամ մարդկութիւնը կը գտնուի մեծ թիւով գաղթականներու ու փախստականներու բարդ կացութեան դիմաց։ Ուստի ՄԱԿը հարկաւորութիւնը զգաց ժողովի կանչել աշխարհի պատասխանատուները, պատշաճ ու զօրավիգ պատասխան տալու այդ հարցին։ Առաջին քայլը որ պէտք ենք կատարել, ըսաւ գերապայծառ Թոմազի, այն է ճանչնալ որ մարդկութիւնը կը պատկանի մէկ ընտանիքի, ուստի ամէնքս հաւաքաբար պատասխանատու ենք եւ միասնական կերպով պէտք ենք  դիմագրաւել ու լուծել գաղթականներու ու փախստականներու հարցը, որ արդիւնքն են տնտեսական տագնապի, բռնութիւններու ու պատերազմներու։

Մարդկայնական այս վեհաժողովը կանչուած է նոր ուղիներ որոնելու նախատեսելու եւ կանխարգիլելու բռնութիւններն ու տագնապները որպէս մէկ ընկերութիւն, որպէս մէկ մարդկային ընտանիք։ Այդ ուղղութեամբ Ս. Աթոռի դերը ՄԱԿի մօտ միշտ եղած է ընդգծել թէ ամէնքս կը պատկանինք մարդկային մէկ ընտանիքի ու քաջալերել բոլոր ազգերը իրարու զօրավիգ կանգնելու որպէսզի կարելի ըլլայ  նախատեսել եւ կանխարգիլել  ընդհարումներն ու պատերազմները, որու պատճառաւ ներկայիս ունինք անհամար գաղթականներ ու փախստականներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.