2016-05-23 10:01:00

Անգլիա. Միջ-կրօնական հանդիպում, ''Միասնաբար ընկերութեան բարիքին ի սպաս''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Կրօնները եզակիօրէն կը նպաստեն հանրային աճումին և այս իրողութիւնը բոլորէն ճանչցուած է'' ըսաւ գերապայծառ Justin Welby, Քանթերպուրիի արքեպիսկոպոսը  ու  անկլիքան համայնքին գահերէցը, քրիստոնեայ եւ այլ կրօնապետերու հետ ունեցած տարեկան հանդիպումի ընթացքին։ Իր ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Գերապայծառ Ուէլպի  ի մէջ այլոց ըսաւ. ''Կարելի է միասին աշխատիլ եւ այս մէկը ընկերութեան համար կարեւոր է։ Երբեմն կարող ենք համաձայն չգտնուիլ որոշ բաներու մէջ, սակայն երախտապարտ եմ  որ միասին կը համագործակցինք բաժնեկցինք  այս երկրի ամէն անհատին համար բարօրութեան բաղձանքը''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.