2016-05-22 10:46:00

ֆրանչիսկոս Պապ - Ալ Ազհարի Իմամ հանդիպումը քաջալերանք է եղբայրակցութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Մարսիլիոյ օգնական եպիսկոպոս` գերապայծառ Jean-Marc Aveline, ներկայիս Հռոմ կը գտնուի մասնակցելու Արաբական Ուսումներու Քահանայապետական հաստատութեան ժողովին։ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով ան իր խնդակցութիւնը յայտնեց որ Գահիրէի Ալ Ազհար համալսարանի աւագ Իմամը հանդիպում կ´ունենայ ֆրանչիսկոս Պապին հետ։ ''Նման հանդիպում մը մեծապէս դրական է'' ըսաւ ան որովհետեւ ''կը քաջալերէ քրիստոնեաներն ու մահմետականները եղբայրակցութեան ու համագործակցութեան''։

''Երկխօսութեան յաջողութիւնը մեծ մասամբ կախում ունի մեր հոգեւոր կեցուածքէն հաստատեց գերապայծառ Ավելին դիտել տալով թէ ''Բաւարար չէ ճանչնալ մեր մերձաւորին հաւատքը, աւանդութիւնը, այլ կարեւոր է մեր հոգեւոր ապրումը։ Մենք եթէ  մեր եղբայր մահմետականները նկատենք որպէս այրեր ու կիներ ստեղծուած Աստուծմէ Անոր պատկերին ու նմանութեան համաձայն, այն ատեն մեր կեցուածքը կը փոխուի ու երկխօսութիւնը հեշտ կը դառնայ, մինչ եթէ մենք պաղ կեցուածք ցուցաբերենք անոնց հանդէպ կարելի չէ երկխօսութիւն հաստատել''։

Նշենք որ Մարսիլիոյ ֆրանսական քաղաքը կը հաշուէ շուրջ մէկ միլիոն բնակիչ, որուն 200-250 հազարը մահմետական են մինչ հրեաները կը հաշուեն շուրջ 80 հազար։

Այդ քաղաքին մէջ կը տիրէ բաւականաչափ յաջող համաբնակութեան ու համակեցութեան աւանդութիւն մը, ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.