2016-05-21 12:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Պիելոռուսիայի նախագահին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 21 Մայիս 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Պիելոռուսիայի հանրապետութեան նախագահ` Տիար  Ալեքսանտր Լուքաշէնքոն եւ անոր ընկերացող շքախումբը։

Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին, գնահատանք արտայայտուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու լաւ ընթացքին համար եւ արծարծուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր, յատուկէն անդրադարձ կատարելով Պիելոռուսիայի մէջ Եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութեան մասին, ու Երկրին մէջ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս համայնքներու եւ այլ կրօններու միջեւ համերաշխ համակեցութեան համար։

Ընդգծուեցաւ  հուսկ Մինսկ քաղաքի դերակատարութիւնը որ կեդրոն հանդիսացած է շրջանին մէջ խաղաղութեան փնտռտուքի վերջին բանակցութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.