2016-05-21 10:38:00

Վանականութիւն


Սէր եւ Ծառայութիւն

Կրօնաւորական կամ վանական կեանքի առաջին կազմակերպողներէն է Սուրբ Բարսեղ Մեծ, Կեսարիոյ Հայրապետը, որ Տիեզերական Եկեղեցւոյ առաջին Վարդապետներէն է։ Ծնած է 330 թուականի շուրջ։ Ուսում առած է Կոստանդնուպոլսոյ եւ Աթէնքի մէջ, ուր կը ծանօթանայ եւ կը բարեկամանայ Գրիգոր Նազիանզացիի հետ, որ նոյնպէս ճանչցուած է իբր տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ։ Ուսումներ կատարելէ ետք, 356 թուականին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը։ Կը մկրտուի եւ ծանօթանալու համար կրօնաւորական կեանքին՝ կʼայցելէ Ասորիքի, Պաղեստինի, Եգիպտոսի եւ Միջագէտքի հռչակաւոր ճգնաւորները։ 358 թուականին, Նէոկեսարիայի մօտ (Պոնտոս) կʼառանձնանայ համախոհներու հետ, վարելու համար ճգնաւորական կեանք մը։ Կարճ ժամանակի մէջ կրօնաւորներու մօտ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ։ Աշակերտները զինք ստէպ կը հրաւիրեն՝ պատասխանելու իրենց հարցերուն։ Այսպէս ծնունդ կʼառնէ փոքր եւ մեծ «Ասեթիքոն» կոչուած երկը, որուն բովանդակութիւնը կը կազմեն «Կարճարօտ» եւ «Ծաւալուն Կանոնները», խրատներ, յորդորներ, եւ այլ կարճ գրութիւններ՝ որոնք կը հային վանական կեանքին։

370 թուականին Կեսարիոյ եպիսկոպոս կʼանուանուի։ Իբր եպիսկոպոս կը պաշտպանէ ուղղափառ հաւատքը Արիանոսականներուն դէմ։

Մահացած է 379 թուականին։

Բարսեղ Մեծ խանդավառ չէր Ասորիքի, Պաղեստինի եւ Եգիպտոսի միայնակեացներու ապրելակերպով։ Մեծ հայրապետին համար՝ մարդ արարածը ընկերային էակ մըն է եւ Աւետարանի սիրոյ օրէնքը մարդը կը մղէ ապրելու ուրիշներուն հետ։ Սակայն, որովհետեւ ընկերային կեանքը մարդը կրնայ հեռացնել Աստուծմէ, պէտք է ան գտնէ այլ անհատներ, որոնք համախոհ, միահոգի, միասիրտ ու համակարծիք են իրեն։ Այս միահոգի, միաշունչ կեցուածքը կը ցոլացնէ Ամենասուրբ Երրոդութեան կեանքը երկնքի մէջ, եւ կարելի չէ անոր հասնիլ մարդկային ճիգերով։ Աստուծոյ Հոգին է մեզ ստեղծած, եւ միայն Ան մեզ կրնայ միացնել սիրոյ մէջ։

Խօսելով սիրոյ պատուիրանի մասին, Ս. Բարսեղ կը գրէ՝ «Ո՞վ չի գիտեր, որ մարդը մտերմութիւն ունեցող եւ ընկերային արարած մըն է, եւ առանձին անապատի մէջ չʼապրիր։ Որովհետեւ ոչ մէկ բան մեր բնութեան այնքան առանձնայատուկ է՝ ինչպէս այս՝ թէ մենք ընկերային կերպով իրարու հետ կʼապրինք, իրարու կարիքն ունինք եւ մեր ցեղակիցները կը սիրենք։ Ուրեմն, որովհետեւ Տէրը անձամբ մեր մէջ նախապէս սերմեր դրած է, հետեւաբար պտուղ կը պահանջէ, ըսելով՝ ʼՆոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ զիրար սիրէք։ʼ (Յովհ ԺԳ. 34) Ան կʼուզէ մեր հոգիին մէջ այս պատուիրանի պահպանումը հրահրել, Ան իբր իր աշակերտներու ճանաչումի նշան չի պահանջեր հրաշալի նշաններ եւ ոյժեր, այլ ի՞նչ կʼըսէ՝ ʼԱսով բոլորը պիտի ճանչնան թէ դուք որ իմ աշակերտներս էք՝ եթէ սէր ունենաք իրարու հանդէպ։ʼ» (Յովհ ԺԳ. 35)

Հետեւաբար, կրօնաւորական կամ վանական կեանքի հիմնական գաղափարը այն է, թէ անհատներ միանալով համախոհ անձերու հետ՝ միասնաբար կը ձգտին Սուրբ Աւետարանի խրատներու իրականացման, սրբութեան։

Բարսեղ Մեծի կանոնները մասամբ Եւստաթէոս Սեբաստիոյ եպիսկոպոսէն են (ապրած է շուրջ 300-377)՝ աւանդուած բերանացի։ Եւստաթէոս եպիսկոպոս մեծ արժանիք ունէր կրօնաւորական կեանքի տարածման համար։ Արեւմտեան վանականութեան հայրը՝ Ս. Բենեդիկտոս ալ կը յանձնարարէ Բարսեղի կանոնները։

Հայ Եկեղեցւոյ արդէն հինէն ծանօթ էին Բարսեղի կանոնները։ Անոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են հայոց վանականութեան վրայ։ Ներսէս Շնորհալի իր նամականերուն մէջ քանի մը անգամ կը յիշէ Սուրբ Բարեսղի կանոնները եւ խրատները եւ կը յորդորէ հետեւիլ անոնց։








All the contents on this site are copyrighted ©.