2016-05-21 09:10:00

Ո՞վ է Իտալիոյ մէջ ՀՀ նորանշանակ դեսպան Վիկթորիա Պաղտասարեանը


ՀՀ Նախագահի հրամանագիրով Մայիս 17-ին Իտալիոյ Հանրապետութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուած Վիկթորիա Պաղտասարեանը Սորպոնի համալսարանի շրջանաւարտ է` պիզնես իրաւունք/միջազգային իրաւունք մասնագիտութեամբ (2000թ.):

ՀՀ նորանշանակ դեսպանը 2002-ին աւարտած է Վերսալի փաստաբաններու դպրոցը: Ան 1996 թուականին ստացած է Լոնտոնի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի վկայական, իսկ 1994-ին աւարտած է Մուրադ Ռաֆայէլեան վարժարանը:

Վիկթորիա Պաղդասարեանը վերապատրաստում անցած է Ֆրանսայի հաշուապահական ազգային խորհուրդին, 1997-ին վերապատրաստուած է Ֆրանսայի հաշուեքններու ազգային խորհուրդին, իսկ աւելի ուշ` 1998-1999 թուականներուն վերապատրաստուած է Ֆրանսայի վճռաբեկ դատարանին մէջ:

2000-2005 թուականներուն աշխատած է Delloite & Touch (ներկայիս «Թաժ») ընկերութեան մէջ` որպէս փաստաբան: 2006-2016 թուականներուն զբաղեցուցած է Accor ընկերութեան (ներկայիս Edenred) միջազգային զարգացման բաժնի տնօրէնի պաշտօնը:

Վիկթորիա Պաղտասարեանը Ֆրանսիայի մէջ հայ իրաւաբաններու միութեան անդամ է, կը տիրապետէ չորս լեզուի` իտալերէն,  ֆրանսերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն: Ծնած է 1976-ի Սեպտեմբեր 22-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.