2016-05-21 09:00:00

Հայաստան միացած է «Հորիզոն 2020» եւրոպական գիտական ցանցին


Հայաստան միացած է Եւրոմիութեան հետազօտութեան եւ նորարարութեան ֆինանսաւորման «Հորիզոն 2020» ծրագիրին: Համապատասխան համաձայնագիրը երէկ կնքուած է Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի կառավարութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի միջեւ:

«Հայաստանի մասնակցութիւնը «Հորիզոն 2020»-ին` ԵՄ-ի Հետազօտութեան եւ Նորարարութեան շրջանակային ծրագրին, անկասկած նոր հեռանկարներ կը բացի Հայաստանում ակադեմիական մտքի զարգացման համար` վերահաստատելով հայերի` եւրոպական քաղաքակրթութեան բաղկացուցիչ մաս լինելը»,- ըստ «Մետիամաքս»-ի՝ յայտարարած է Լեւոն Մկրտչեան:

ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին խօսքով` համաձայնագրի արդիւնքները Հայաստանին թոյլ պիտի տան միջազգային չափանիշներուն համապատասխան գիտական հետազօտութիւններ իրականացնելու` ներգրաւելով բարձր որակաւորում ունեցող հետազօտողներ, խթանելու գիտահետազօտական ենթակառուցուածքներու զարգացումը, բարձրացնելու հետազօտութեան եւ նորարարութեան ոլորտի մէջ ներդրումներու մակարդակը:

Եւրոպական հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանը նշած է, որ Հայաստանի միացումը «Հորիզոն 2020»-ին Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները ընդլայնելու ԵՄ յանձնառութեան յստակ օրինակ է:

Ծրագիրին միջոցով Հայաստանի հետազօտական հիմնարկները եւ մասնաւոր ոլորտը հնարաւորութիւն պիտի ունենան ֆինանսաւորում ստանալու առաջնակարգ հետազօտութիւններու իրականացման եւ գիտութեան զարգացման համար:

«Հորիզոն 2020» ծրագիրին միանալու համաձայնագրի նախապատրաստման մէջ  ընգրկուած են Պոլոնիոյ գործընթաց, բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու հաւատագրման գործընթացը, Թեմփուս, Էրազմուս+, ԵՄ 7-րդ շրջանակային ծրագիրները:

Ծրագիրին ընկերակից անդամակցութեան համար Հայաստանը իւրաքանչիւր տարի պէտք է կատարէ ֆինանսական ներդրում:

«Հորիզոն-2020»-ին Հայաստանի ընկերակից անդամակցութեան համաձայնագրի կնքման վերաբերեալ բանակցութիւնները մեկնարկած էին 2013 թուականի Յուլիսին:








All the contents on this site are copyrighted ©.