2016-05-21 09:23:00

Հայր Ֆրանչիսկոս Մարիա Կրեքօ երանելի կը հռչակուի


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 21 մայիս 2016-ին, Իտալիոյ Քոզենցա մարզադաշտին մէջ, սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելոօ Ամաթօ  հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի  ընթացքին երանելի կը հռչակէ թեմական քահանայ եւ Սուրբ Սրտի փոքրիկ աշխատաւորուհիներու քոյրերու միաբանութեան հիմնադիր՝  հայր Ֆրանչիսկոս Մարիա Կրեքոն։

Հայր Կրեքօ ծնած է Իտալիոյ Քոզենցա մարզի Աքրի գիւղաքաղաքին մէջ 26 յուլիս 1857-ին։  Ան՝ հակառակ իր հօր պնդումներուն,  որ կը բաղձար իր զաւակը դեղագործ դառնայ, կը ձգտի  քահանայական առաքելութեան։

Իմաստասիրական եւ աստուածաբանական համալսարանական ուսմունքները աւարելէ ետք 17 դեկետեմբեր 1881-ին կը ձեռնադրուի քահանայ։

1887-ին, կ՝անուանուի ժողովրդապետ Պարիի եւ Աքրիի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ։ Յաջորդ տարին կը ստանայ գերյարգելիի տիտղոսը։

Հայր Կրեքօ,  իր քրոջ՝ Մարիա թերեզայի եւ հինգ երիտասարդուհիներուն օժանդակութեամբ, անխոնջ աշխատանք թափեց   կազմակերպելու Քրիստոնէական վարդապետութեան դասընթացներ։ Հինգ երիտասարդուհիներուն շարքին արժանի է յիշել Քոյր Ռաֆայելլա Տէ Վինչենթի, Սուրբ Սիրտ միաբանութեան՝ առաջին կրօնաւորուհին,  որուն երանացման դատը սկիզբ առած է եւ կը շարունակուի։

Հայր Կրեքօ իր մահկանացուն կնքած է 13 յունուար 1931-ին։ Անոր մարմին այժմ կը հանգչի  Փաուլա քաղաքի Սուրբ Ֆրանչիսկոս եկեղեւցոյ մէջ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, 21 յունուար 2016-ին, արտօնութիւն շնորհած էր  հրապարակելու Հայր Կրեքօյի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքի վաւերացման  հրամանագիրը։

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.