2016-05-21 09:06:00

Եգիպտական օդանաւէն բեկորներ յայտնաբերուած


Եգիպտական բանակի բանբեր զօր. Մոհամետ Սամիր յայտնեց, որ Փարիզէն Գահիրէ թռիչքի ընթացքին Միջերկրական ծովուն մէջ ջախջախուած եգիպտական օդանաւէն բեկորներ յայտնաբերուած են:

Բեկորները կը ծփային Աղեքսանդրիայէն 290 քիլոմեթր դէպի հիւսիս հեռաւորութեան վրայ:

Եգիպտական օդանաւային ընկերութիւնը եւս «Թուիթըր»-ի վրայ հաստատեց լուրը:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ փնտռտուքը այժմ կեդրոնացած է օդանաւի «սեւ տուփ»-ին վրայ:

Եգիպտոս յայտնեց, որ առաւել հաւանական է, որ օդանաւը ջախջախուած է ահաբեկչական արարքի մը պատճառով քան թեքնիք խանգարումի:

Ֆրանսայի մէջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այն հարցին վրայ, թէ Փարիզի «Շարլ Տը Կոլ» օդակայանին մէջ անվտանգութեան խզում մը տեղի ունեցած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.