2016-05-20 14:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը Եգիպտոսի նախագահին


(Ռատիօ Վատիկան)  Փարիզէն  դէպի եգիպտոս թռչող egypt air օդանաւային ընկերութեան պատկանող միջերկրական ծովուն մէջ ջախջախուող թռիչքին  ի լուր, ուրբաթ, 21 մայիսին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ցաւակցական հեռագիր ուղղեց Եգիպտոսի հանրապետութեան նախագահ Ապտել Ֆաթահ Սիսսիին որուն մէջ նշած է

Ֆրանչիսկոս Պապ տխրութեամբ իմանալով եգիպտական ընկերութեան պատկանող օդանաւի ջախջախման ողբերգական լուրը,  այս դժուար պահերուն, Ան  աղօթքի միջոցաւ  կ՝ապահովէ ու կը ցուցաբերէ իր մօտիկութիւնը  եւ Ամենակարող Աստուծոյ Ողորմութեան կը յանձնէ  զանազան ազգերու պատկանող զոհերու հոգիները։

Սրբազան Հայրը, Աստուածային խաղաղութեան եւ քաջութեան օրհնութիւնները կը հայցէ զոհերու ընտանեկան պարագաներուն ու շտապ օգնութեան հասնող  փրկարար կամաւորներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.