2016-05-20 13:56:00

Քոնկոյի հանրապետութեան եւ Վատիկանի միջեւ համաձայնագիրի ստորագրութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 20 Մայիս 2016-ին, Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան միջեւ համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը` հայող երկու Պետութիւններու իրաւական փոխադրած յարաբերութիւններուն։ Համաձայնագիրը ստորագրեցին Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար`  Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր եւ Քոնկոյի արտգործ նախարար` Տիար Ռայմոնտ Թշիպանտա Ն՛Թունկամուլոնկօ, ներկայութեամբ Վատիկանի եւ Քոնկոյի հանրապետութեան ու Քոնկոյի կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն։

Համաձայնագիրը որ կազմուած է 21 յօդուածներէ կը սահմանէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրաւական վիճակը Քոնկոյի մէջ ինչպէս նաեւ անոր առաքելական գործունէութեան անկախ ու ազատ կարգավիճակը։

Համաձայնագիրը կը նախատեսէ ապա կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարեսիրական, դաստիարակչական եւ ընկերային մարզերէն ներս գործող հաստատութիւններու կարգավիճակի սահմանումը ինչպէս նաեւ Կրօնաւորներուն արտօնագիրերու շնորհման կարելիութիւնը ու տեղական եպիսկոպոսական համահաւաք դասին հայող այլ իրաւական հարցերու սահմանումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.