2016-05-20 12:33:00

''Ողորմած Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ ճշմարտութիւնը'' Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աստուծոյ ճշմարտութիւնը հռչակելը երբեք պէտք չէ անջատուի մարդկային տկարութեան հասկացողութենէն''։ Այս կը սորվեցնէ Յիսուս Աւետարանին մէջ եւ այս է Ֆրանչիսկոս Պապին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, ուրբաթ 20 մայիս 2016-ին մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին նիւթը, ներշնչուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն ուր Յիսուս Փարիսեցիներուն հետ կը խօսի ամուսնութեան եւ ապահարզանի մասին։

Աւետարանին մէջ Փարիսեցիները յաճախ կ՛ուզեն դժուարութեան մատնել Յիսուսը ու թակարթներ կը լարեն Անոր, վարկաբեկելու համար Անոր իշխանութիւնը ու ժողովուրդին մօտ գտած համակրանքը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը այս մէկը  նկարագրելով որպէս ''թակարդ'' մը լարուած ''լուսաւորուած խումբ մը աստուածաբաններէ'' որոնք համոզուած են թէ միայն իրենք ունին Աստուծոյ Ժողովուրդին իմաստութիւնը''։

Յիսուս սակայն, ինչպէս միշտ, յստակ պատասխան կու տայ անոնց հարցումին թէ  ''Արտօնուա՞ծ է այր մարդուն իր կինը արձակել''։ Ան կը պատասխանէ ''Աստուած արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք եւ ասոր համար մարդը պիտի թողու իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ պիտի կապուի եւ երկուքը պիտի ըլլան մէկ մարմին։ Արդ Մարդը թող չի բաժնէ ինչ որ Աստուած միացուց''։

Յիսուս ճշմարիտ պատասխան մը կու տայ։ Ան ճշմարտութիւնը երբեք չի սակարկեր, այս է ամուսնութեան մասին Յիսուսի ճշմարտութիւնը, ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց թէ Յիսուս սակայն անսահման օրէն ողորմած է եւ թէ երբեք դռները չի փակեր մեղաւորին առջեւ։ Ասոր համար ան չի բաւարարուիր Աստուծոյ ճշմարտութիւնը հռչակելով, այլ բաղդատութիւն կը դնէ ճշմարտութեան ու մարդկային տկարութեան միջեւ։ Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ երկու բան. ճշմարտութիւն ու հասկացողութիւն, այն ինչ որ ''լուսաւորեալ աստուածաբանները''կարող չեն կատարել, որովհետեւ կարողութիւնը չունին մարդկային տկարութեան դիմաց ցուցաբերելու սէր եւ ունենալու նոր հորիզոններ։

Բաւ է նկատի առնել թէ որքան նրբութեամբ  Յիսուս կը խօսի ''պոռնկութեան'' մէջ բռնուած կնոջ ` ''Ես ալ քեզ չեմ դատապարտեր. Գան եւ այլեւս մի մեղանչեր''։

''Թող Յիսուս մեզի սորվեցնէ մեծ սիրտ ունենալ եւ սորվեցնէ ունենալ հպում ճշմարտութեան'' ըսաւ Քահանայապետը, եզրափակելով քարոզը եւ  հայցելով Աստուածային շնորհքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.