2016-05-20 09:23:00

Լաւրով եւ Քերրի քննարկած են Սուրիոյ մէջ ճգնաժամի լուծման հետագայ քայլերը


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի 19 մայիսին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մէջ ճգնաժամի լուծման ուղղուած հետագայ քայլերը:

«Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակի` մէկ օր առաջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեամբ տեղի ունեցած նիստէն ետք զրուցակիցները շարունակած են այդ երկրին մէջ տագնապի յաղթահարման ուղիներու քննարկումը, ներառեալ` մարտական գործողութիւններու դադրեցման դրութեան ամրապնդման միջոցով, բացառութեամբ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարին», Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են` աւելցնելով. «Համաձայնութիւն գոյացած է, որ ռուս եւ ամերիկացի զինուորականները իրենց միջեւ ստեղծուած համակարգման գործիքակազմերու միջոցով պիտի մշակեն զինադադարի կողմնակիցներու եւ հակառակորդներու առաւել արդիւնաւէտ սահմանազատման շօշափելի միջոցներ, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկեն արտասահմանէն սուրիական հողին վրայ գործող ահաբեկիչներու օժանդակութեան կասեցման ուղղուած քայլերը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.