2016-05-20 08:57:00

Եգիպտոսի ազգային ժողովը կը սերտէ պաշտամունքի վայրերու նոր օրէնքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Եգիպտոսի մէջ պատրաստ է պաշտամունքի վայրերու կառուցումի հայող նոր օրէնքը, որ երկար տարիներէ ի վեր ուսումնասիրութիւններու նիւթ եղած էր։

Անցեալ 16 Մայիսին ծրագիր օրէնքը ներկայացուեցաւ ազգային ժողովին որպէսզի անոր մասին բանակցի ու արտայայտուի։

Ծրագիր օրէնքը կը ներփակէ 13 յօդուածներ ու անոր ներքեւ կը սահմանուի '''եկեղեցի'' բառին նշանակութիւնը եւ կը ճանչնայ եպիսկոպոսներու իրաւունքը դիմելու Ազգային Խորհուրդին այն պարագային որ տեղական իշխանութիւնները կը փորձեն ուշացնել եկեղեցւոյ մը շինութիւնը։

Եկեղեցիներու շինութեան ծրագիր օրէնքը կը նախատեսէ կառուցման աշխատանքները սկսելու համար տեղական իշխանութիւններէն արտօնութիւն ստանալ տրուած ըլլալով որ նախապէս` միմիայն նախագահը կարող էր արտօնել եկեղեցւոյ մը շինութիւնը կամ անոր վերանորոգումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.