2016-05-20 12:03:00

Առաջին Ս­­­. Հաղորդութիւն Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մէջ։


Կիրակի, մայիս մէկին, տօնական օր էր Մոնրէալի Տիրամայր նարեկի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մէջ: 11 մանչ եւ 9 աղջիկ մերձեցան Առաջին Սուրբ Հաղորդութեան:

9էն 10 տարեկան այդ փոքրերը ամիսներէ  ի վեր կը պատրաստուէին այդ հանդիսաւոր պահուն: Անոնք չորս ամիսներ շարունակ սերտեցին Սուրբ Աւետարանը եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ  քրիստոնէականը: Շնորիւ իրենց  նուիրեալ ուսուցչուհիներուն՝ Շողիկ Ներկիզիանի, Սանտրա Թազայի եւ Թերեզ Գոճեանի տքնաջան աշխատանքին՝ փոքրիկ աշակերտները կրցան խորացնել իրենց հաւատքը՝ Աստուծոյ, Յիսուսի , Եկեղեւոյ եւ Սուրբ Խորհուրդներոն մասին:

Հայր Անտոն Վրդ Շատարեւեան մատոյց օրուան Պատարագը  եւ տուաւ աւուր պատշաճի քարոզը:  Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Ալեմշահ երգչախումբի կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Պ. Համբարձում Անդունեանի:

Եկեղեցին խռնուած էր Առաջին Հաղորդութեան մօտեցողներու ծնողներով, ազգականներով եւ հաւատացեալներով: Անիկա իր շուշանափայլ զարդարանքներով հիասքանչ տեսարան կը պարզէր:

Երկնային էր պահը երբ փոքրիկները, մէկ առ մէկ, մերձեցան Սուրբ Հաղորդութիւնը ընդունելու Պատարագիչ վարդապետի ձեռքէն, իրենց ծնողներու յուզումնախառն ու հրճուալից նայուածքին ներքեւ:

Պատարագի աւարտի փոքրերը ստացան մէկական վկայական մը եւ սուրբ վարդարան մը ապա ժողովրդապետութեան սրահին մէջ իրենց համար պատրաստուած ճոխ նախաճաշի մը մասնակցեցան՝ շրջապատուած իրենց սիրելիներով:








All the contents on this site are copyrighted ©.