2016-05-19 09:48:00

Ս. Աթոռը կը մասնակցի Իսթանպուլի մարդասիրական համաշխարհային վեհաժողովին։


(Ռատիօ Վատիկան) 23 և 24 Մայիս 2016-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Իսթանպուլի մարդասիրական համաշխարհային անդրանիկ վեհաժողովը որ կազմակերպուած է ՄԱԿին կողմէ։ Վեհաժողովին նպատակակէտն է զատորոշել նոր մօտեցումներ եւ  որոնել նոր եղանակներ դիմագրաւելու համար տագնապալի կացութիւնները, փրկելով կեանքեր եւ ամոքելով ցաւեր, ինչպէս նաեւ աւելի պատշաճ պաշտպանութիւն երաշխաւորելով տկար ու դիւրաբեկ անհատներուն։

Վատիկանը եւս բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէ կազմուած պատուիրակութեամբ  իր մասնակցութիւնը կը բերէ վերոյիշեալ վեհաժողովին։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը´ կարդինալ Փարոլին եւ անոր մաս կը կազմեն, ՄԱԿի մօտ Ս. Աթոռի մնայուն դէտը գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզա, Ժընեւի Մակի գրասենեակի մօտ Վատիկանի մնայուն դէտ գերապայծառ Սիլավանօ Թոմազի եւ այլ անձնաւորութիւններ։ Մինչ Ռատիովատիկանը վերոնշեալ վեհաժողովին առթիւ երեք թղթակիցներ կ´ուղարկէ Իսթանպուլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.