2016-05-19 09:36:00

Եւրոպական յանձնաժողովի զեկուցումը Թուրքելու Եւրոպա առանց արտօնագիրի մտնելու մասին


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ յունական կղզիներէն թրքական տարածք գաղթականներ ուղարկելու վերաբերեալ Անգարայի հետ կնքուած գործարքին իբրեւ արդիւնք Պրիւքսէլի կողմէ Թուրքիոյ հետ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան հաստատումը պիտի մեծցնէ Եւրոպական Միութեան մէջ ահաբեկչական գործողութիւններու վտանգը:

Այս մասին ըսուած է Եւրոպական յանձնաժողովի զեկուցումին մէջ, որմէ 17 մայիսին մէջբերումներ հրապարակած է բրիտանական «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը:

«Կարելի է սպասել, որ այն բանէն ետք, երբ Թուրքիոյ քաղաքացիները Եւրոպական Միութիւն առանց մուտքի արտօնագիրի մուտք գործելու իրաւունք ստանան, օտարերկրացիները պիտի սկսին թրքական անձնագիրներ ստանալու փորձերու ձեռնարկել, որպէսզի Թուրքիոյ քաղաքացիներու անուան տակ Եւրոպական Միութիւն հասնին առանց մուտքի արտօնագիրներու… Այդպիսի կարելիութիւն կրնայ գրաւել ոչ միայն անօրինական գաղթականներուն, այլ նաեւ յանցագործներուն ու ահաբեկիչներուն ուշադրութիւնը», նշուած է Եւրոպական յանձնաժողովի զեկուցումին մէջ:

Բրիտանական օրաթերթին տուեալներով` զեկուցումին մէջ նաեւ ըսուած է, որ գործարքին շնորհիւ «թրքական մաֆիան, որ կը զբաղի Եւրոպա մեծ ծաւալի թմրեցուցիչներու, սեռային ստրկուհիներու, ապօրէն զէնքի եւ տեղահանուածներու փոխադրութիւններով, կրնայ ընդլայնել իր ազդեցութիւնը Եւրոպայի մէջ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.