2016-05-18 11:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը ''աղքատութիւն եւ ողորմութիւն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարիլոյս։ Այսօր ձեր հետ կ՛ուզեմ անդրադառնալ աղքատ Ղազարոսի եւ հարուստ մարդու առակի մասին, որոնց կեանքերը կ՛ընթանան զուգահեռ երկաթուղիներու վրայ, արդարեւ անոնց կեանքի կենսապայմանները հակառակ են եւ իրար մէջ անհաղորդ։

Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի 18 Մայիս 2016-ին, սկիզբ տուաւ հրապարակային ունկնդրութեան զոր կատարեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ եւ որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ''աղքատութիւն եւ ողորմութիւն'' նիւթին վրայ։

''Հարուստին տան դուռը միշտ փակ է աղքատին դիմաց որ կը գտնուէր այդ դռան առջեւ ու կը ցանկար կշտանալ հարուստի սեղանէն ինկած փշրանքներով'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով թէ ''Հարուստը շքեղ հագուստներով էր մինչ Ղազարոսին մարմինը ծածկուած էր վէրքերով։ Հարուստը ամէն օր խնջոյք կը սարքեր մինչ Ղազարոսը անօթութենէն կը տառապէր։ Միայն շուները խնամք կը տանէին անոր, իր վէրքերը լզելով''։

Այս դէպքը մեզի կը յիշեցնէ Մարդու Որդիին յանդիմանութիւնը վերջին դատաստանին առթիւ. ''Անօթի էի եւ չկերակրեցիք զիս, ծարաւ էի եւ ջուր չի տուիք ինծի, մերկ էի եւ դուք չհագցուցիք ինծի''։ Ղազարոսը կը ներկայացնէ բոլոր ժամանակներու աղքատներուն լռելեան աղաղակը եւ աշխարհի մը հակասութիւնը ուր հսկայական հարստութիւններ եւ կենսամիջոցներ կը գտնուին քիչերու ձեռքերուն մէջ,  ըսաւ ապա Քահանայապետը եւ նշեց թէ առակին մէջ հարուստը անուն մը չունի մինչ աղքատին անունը` Ղազարոս, կրկնուած է հինգ անգամ եւ կը նշանակէ ''Աստուած օգնական''։  Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ակնարկեց առակին երկրորդ բաժնին երբ երկուքը կը կնքեն իրենց մահկանացուն։ Աղքատը կը տարուի Աբրահամին մօտ մինչ հարուստը դժոխք` ուղտերէն իր աչքերը կը բարձրացնէ եւ կը տեսնէ Աբրահամը եւ իր քով Ղազարոսը եւ կ՛աղաղակէ ''Հայր Աբրահամ գթա՛ վրաս, ղրկէ Ղազարոսը որ մատին ծայրը թաթխէ ջուրին մէջ եւ գայ լեզուս զովացնէ, որովհետեւ կը պապակիմ բոցերու այս տապին մէջ''։ Աբրահամ սակայն կը պատասխանէ ''Որդեակ յիշէ որ դուն կեանքին մէջ ունեցար երջանկութիւնդ իսկ Ղազարոսը իր չարչարանքները։ Իսկ հիմա ինք հոս կը մխիթարուի եւ դուն այնտեղ կը պապակիս։ Դեռ աւելին ձեր եւ մեր միջեւ հսկայ անդունդ մը կայ, եթէ ուզեն ասկէ ձեր կողմն անցնիլ չեն կրնար եւ ոչ ալ ձեր կողմէն այս կողմը կարելի է անցնիլ''։

Այս առակը ըսաւ Քահանայապետը ի յայտ կը դնէ իրականութիւն մը` Աստուծոյ մեզի հանդէպ ցուցաբերած ողորմութիւնը կապուած է մեր մերձաւորին նկատմամբ ունեցած ողորմութեան, երբ այս վերջինը պակսի առաջինն ալ իր տեղը չի կրնար գտնել մեր փակ սրտին մէջ։

Ի տես այս իրողութեան հարուստը կը մտածէ իր եղբայրներուն ու կը խնդրէ Աբրահամէն որ Ղազարոսը ղրկէ անոնց մօտ­, զգուշացնելու համար զանոնք այս տառապանքի վայրը չգալու համար, սակայն Աբրահամ կը պատասխանէ ''ունին Մովսէսն ու մարգարէները թող անոնց մտիկ ընեն''։

Ապաշխարելու համար մենք պէտք չէ հրաշագործ դէպքեր սպասենք այլ պէտք ենք մեր սրտերը բանալ Աստուծոյ Խօսքին որ մեզ կը հրաւիրէ սիրելու զԱստուած եւ մեր մերձաւորը։ Աստուծոյ խօսքը արդարեւ կը բանայ նաեւ չորացած սրտերը ու զանոնք կը բուժէ իրենց կուրութենէն։ Հարուստը կը ճանչնար Աստուծոյ խօսքը սակայն մտիկ չ՛ըրաւ անոր ու զայն չ՛ընկալեց իր սրտին մէջ եւ ասոր համար անկարող էր իր աչքերը բանալու եւ կարեկցութիւն ունենալու աղքատին նկատմամբ։ Ոչ մէկ պատգամաւոր եւ ոչ մէկ պատգամ կարող են փոխարինել աղքատները որոնց կը հանդիպինք մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին­, որովհետեւ անոնց մէջ Յիսուսն է որ մեզի կ՛ընդառաջէ ''ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն որոնք իմ եղբայրներս են զայն ինծի ըրիք''։ Այս Աւետարանը ունկնդրելով ամէնքս, այս աշխարհի աղքատներուն հետ միասին կարող ենք Մարիամին հետ ըսել ''Հզօրները տապալեց իրենց գահերէն, իսկ խոնարհները բարձրացուց։ Քաղցածները յագեցուց բարիքներով իսկ հարուստները ճամբեց ձեռնունայն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի  հազարաւոր ուխտաւորները ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն երիտասարդները հրաւիրելով ըլլալ խոնարհ որովհետեւ խոնարհութիւնը տկարութիւն չէ այլ հզօրութիւն ապա հիւանդները խրախուսեց երբեք չյոգնիլ աղօթքով դիմելու Տիրոջ նա մանաւանդ դժուար պահերու ընթացքին եւ նորապսակները քաջալերեց իրար զիրար յարգել  եւ իրար օգնել, սուրբերու վարքին հետեւելով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.