ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով, Սարգիս Ղազարեան ազատուած է Իտալիոյ Հանրապետութեան, Խորուաթիոյ Հանրապետութեան, Սան Մարինոյի Հանրապետութեան, Մալթայի Հանրապետութեան եւ Սլովենիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ նախագահի պաշտօնական էջէն:
Նախագահին այլ հրամանագիրներով, Վիկտորիա Բաղդասարեան նշանակուած է Իտալիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Հռոմ), Աւստրիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Կիրակոսեան, համատեղութեան կարգով, նշանակուած է Խորուաթիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Վիեննա):
Սերժ Սարգսեանի մէկ այլ հրամանագիրով, Սուրբ Աթոռին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեան, համատեղութեան կարգով, նշանակուած է Փորթուկալիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Վատիկան
All the contents on this site are copyrighted ©. |