2016-05-18 09:58:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Խօսքին իսկական մասունքը

Հայերէնի դասատուները «ութ մասունք բանին» կը սորվեցնեն իրենց աշակերտներուն: Սակայն խօսքին իսկական մասունքը (մասերը) մարդիկ իրենց կեանքին ընթացքին կ՛իւրացնեն, փոխյարաբերութեան մտնելով իրենց նմաններուն հետ: Չենք գիտեր որքան կրկնուած խօսք է, սակայն կ՛արժէ անգամ մը եւս յիշեցել, թէ կեանքը ինքնին  մեծագոյն դպրոցն է «սորվիլ ուզելու փափաք ունեցողին համար»: Այլապէս, շատ է թիւը այս «դպրոցէն» առանց շրջանաւարտ ըլլալու դուրս եկողներուն՝ ծոյլ աշակերտներուն, որոնք որքան ալ հետեւին վերոյիշեալ դպրոցի դասընթացքներուն, բնա՛ւ տեղ չեն հասնիր:

Չենք խորհիր, թէ կայ աշխարհի վրայ մարդ մը, որ հեղինակաւոր ոճով եւ պարզ արտասանուած խօսքին տարբերութիւնը չկարենայ զգալ: Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած թրքախօս սերունդը երբ բարձր ձայնով հայերէն ճառ արտասանողին լսէր, «ի՜նչ լաւ խօսեցաւ» կ՛ըսէր, հակառակ անոր որ ո՛չ մէկ բառ հասկցած կ՛ըլլային ըսուածէն… Իսկ երբ հարցուէր անոնց, թէ «ի՞նչ ըսաւ խօսողը», անոնք կը պատասխանէին. «Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ ըսաւ, սակայն՝ լա՛ւ խօսեցաւ»: Սա հեղինակաւոր խօսքին խաբկանքն է միայն: Որովհետեւ կարծիք յայտնողը, այս պարագային, այդ լեզուն չի՛ հասկնար: Խօսքին իսկական արժեւորումը կրնայ կատարել այն անձը, որ ո՛չ միայն տուեալ լեզուն կը հասկնայ, այլ նաեւ կրնայ վերլուծել ըսուածը, խօսողին հանգամանքը եւ ընկերութեան կեանքին մէջ անոր ունեցած պատասխանատուութիւնը նկատի ունենալով:

Որեւէ առիթով, պաշտօնապէս թէ անպաշտօն, երբ ոեւէ մէկը արտայայտուի, անոր խօսքը պէտք է մասեր ունենայ. յստակ գաղափարներով, որպէսզի հաղորդակցութիւնը դիւրացնէ, ու ի վերջոյ, ընդհանրապէս մեր կեանքը հեշտացնէ: Պաշտօնական խօսքի մասերը որքան ալ շատ ըլլան, որոշ դասաւորումի ենթարկուած կ՛ըլլան խօսք առնողին կողմէ, մանաւանդ երբ ան շնորհալի բեմբասաց է, կամ՝ փորձառու ճառախօս: Մինչդեռ, հրապարակաւ արտասանուած խօսք մը կրնայ ձախողութեան մատնել հաւաք մը, երբ տրամաբանուած կառոյց չունենայ: Նման խօսք կրնայ նոյնիսկ ժխտական ազդեցութիւն գործել լսող հասարակութեան վրայ:

Աւելի «ազատ» կարգավիճակ կը պարզէ մտերմիկ զրոյցներու ընթացքին արտասանուած խօսքը, որուն պատասխանատուութիւնը աւելի նուազ է անշուշտ: Ահա, այս մտերմիկ զրոյցներու ընթացքին ի յայտ կու գան խօսքին աժան մասերը, որոնք ո՛չ միայն անարժէք կը դարձնեն խօսքը, այլ նաեւ, ու մանաւանդ, զայն խօսող անձը:

Աժան խօսքը, եթէ ութ մասունք չունի, կամ՝ եթէ անոր բոլոր մասերուն ցարդ ծանօթ չենք, գէթ գիտենք, թէ գլխաւոր երեք մասերը՝ բամբասանքը, զրպարտութիւնն ու մեղադրանքն են: Խօսքը աժանագին եւ մինչեւ իսկ անարժէք դարձնող երեք մասերն են ասոնք, որոնք այնքան հեշտօրէն դուրս կու գան երբեմն մարդոց բերանէն:

Արժէքաւոր խօսքին եւ աժան խօսքին միջեւ տարբերութիւնը գիտակցութեան խնդիր է: Կարելի չէ՛ ընդունիլ այն տեսակէտը, թէ աժան խօսք խօսելուն ալ ժամանակը կայ, ինչպէս ամէ՛ն ինչի ժամանակը կայ: Հաճոյալի զրոյցներէն պէտք է զանազանել աժան խօսքին «մասերը»: Բարոյագիտական խախտում կը համարուի, երբ հաճոյալի զրոյցին կը միախառնուին աժան խօսքին «մասերը»՝ բամբասանքը, զրպարտութիւնը եւ մեղադրանքը, որոնք ընդհանրապէս խարսխուած կ՛ըլլան նախանձի հիմքին վրայ:

Կշիռ ունեցող խօսքին, այսինքն՝ արժէքաւոր խօսքին պատիւը, զայն արտասանող մարդուն պատիւն է նաեւ: Մարդը իր խօսքով կը ճանչցուի շրջապատին մէջ: Որքան լուրջ է իր խօսքը, այնքան աւելի յարգանք կը վայելէ մարդը: Իսկ արժէքաւոր խօսքին կշիռը աւելի՛ կը ծանրանայ, երբ այն կը խօսուի ո՛չ թէ հրապարակաւ միայն, այլ՝ մտերմութեան մէջ: Որովհետեւ ամէն ոք կը ջանայ հրապարակաւ իր դիմագիծը լաւ ցոյց տալ, հանրային կարծիքը չարատաւորելու համար իր անձին նկատմամբ: Սակայն, մտերիմներու շրջանակին մէջ ալ նոյն վարմունքը ցուցաբերելով, այնպիսի անուն կը վաստակի մարդ, որ բոլորին յարգանքին կ՛արժանացնէ իր անձը, առանց պարտադիր մեծարանք ընդունելու թատերախաղի ողորմելի արարներուն:

Աժան խօսքին մասունքը որքան բազմանայ, այնքան աւելի ողբերգական կը դարձնէ մարդկային մեր կեանքը: Իսկ արժէքաւոր խօսքի մասունքին բազմանալը, ընդհակառակը, անհատական լրջախոհութիւնը կը տարածէ նաեւ շրջապատի մարդոց, իւրաքանչիւրի խօսքին տալով կշիռ, միաժամանակ աճեցնելով փոխադարձ վստահութիւնը աշխարհի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.