2016-05-18 09:32:00

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Ս.Մկրտչեան այցելեց Մեսրոպեան վարժարան


Լիբանանի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պարոն Սամուէլ Մկրտչեան Մայիս 17, 2016-ին այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան՝ լիբանանահայ հաստատութիւններ իր ճանաչողական շրջապտոյտի ծիրին մէջ:

Մեսրոպեանի մէջ հայրենի պետութեան ներկայացուցչի դիմաւորումը գլխաւորեց Հայ կաթողիկէ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի Օգնական  Արհի. Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան, որուն կողքին էին վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ եւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետներ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան եւ հայր Խաչիկ Գույումճեան:

Բարձրաստիճան հիւրին ուղղուած բարի գալուստի խօսքին մէջ, վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ այս առիթով եւս վերահաստատեց վարժարանին նախանձախնդրութիւնը սերտօրէն գործակցելու հայրենի կրթական հաստատութիւններուն հետ, յատկապէս վարժարանին մէջ հայագիտական ուղղուածութեան նիւթերու դասաւանդման բարելաւման նպատակով: Ան պարոն դեսպանին մանրամասնօրէն ներկայացուց վարժարանի պատմութիւնը, զարգացման ընթացքն ու կրթական ծրագիրները: Աւելի քան երկու ժամ տեւած այցելութեան ընթացքին, պարոն Մկրտչեան շրջեցաւ հաստատութեան բոլոր բաժանմունքները եւ արտայայտեց իր հիացմունքն ու մեծագոյն գնահատանքը՝ ի տես ինչպէս վարժարանի ենթակառոյցին, նոյնպէս եւ կրթական ու դաստիարակչական այն մթնոլորտին համար, որ կը տիրէ անոր մէջ:

Դպրոցի իւրաքանչիւր բաժանմունքին մէջ դեսպանը խանդավառ ընդունելութեան արժանացաւ ինչպէս ուսուցիչներուն, նոյնպէս եւ աշակերտներուն կողմէ; Մանկապարտէզին մէջ ան ստացաւ աշակերտներուն իւրայատուկ մէկ յուշանուէրը, որ իր մէջ կը պարունակէր հող՝ բերուած Արարատ սարէն:

Այս առիթով, պարոն Մկրտչեան հետեւեալ գրառումը կատարեց վարժարանի հիւրերու ոսկեմատեանին մէջ.

“Անչափ տպաւորուած եմ Մեսրոպեան վարժարան իմ այցելութեամբ: Իրաւ օրինակելի հայ կրթօճախ է: Այն, բացի հայեցի դաստիարակութեան եւ հայապահպանման իր առաքելութեան, իր աշակերտներին եւ շրջանաւարտներին նախապատրաստում է կեանքին եւ աշխատանքին: Մաղթում եմ ամենայն յաջողութիւնե եւ տոկունութիւն՝ շարունակելու անգնահատելի հայրենանուէր առաքելութիւնը”:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 








All the contents on this site are copyrighted ©.