2016-05-17 13:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը կարդինալ Քոփփայի մահուան ի լուր


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ Ճովաննի Քոփփայի մահուան ի լուր՝ որ 90 տարեկանին իր մահկանացուն կքնեց երկուշաբթի, 16 մայիսի 2016-ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց կարդինալական դասին աւագերէց կարդինալ Անճելօ Սոտանոյին։

Հեռագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնեց բարձր գնահատելով հանգուցեալ ծիրանաւորին տիպարը,  որպէս Եկեղեցւոյ Մարդ որ հաւատարմօրէն ապրած է  իր քահանայական եւ եպիսկոպոսական  բեղուն կեանքը, ծառայութիւն մատուցանելով Աւետարանին եւ Սուրբ Աթոռին։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ երախտագիտութեամբ յիշեց հանգուցեալ կարդինալին իրեն նախորդող վեց քահանայապետերուն մատուցած ծառայութիւնները՝ Վատիկանեան Պետական քարտուղարութեան  ծիրէն ներս ինչպէս  նաեւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին անոր բերած օժանդակութիւնը։ Սրբազան Հայրը հեռագիրին աւարտին ապահովեց  իր աղօթքը ննջեցեալին հոգիին համար հայցելով Տիրամօր եւ Սուրբ Ամպրոզիոսի բարեխօսութիւնը,­ որուն մասին ծիրանաւորը մասնագիտական աշխատանք տածած է, ապա շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը բոլոր անոնց որոնք կը բաժնեկիցն ծիրանաւորին մահուան այս ցաւը։








All the contents on this site are copyrighted ©.