2016-05-17 14:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընդհանուր նիստին բացման առիթով


(Ռատիօ Վատիկան)  Քահանան գրասենեակի պաշտօնեայ մը չէ եւ ան քաջ տեղեակ է,  որ սէրը ամէն բան  է ինչպէս նաեւ գիտէ  մերձաւորին հանդէպ եղբայրասիրութիւն ցուցաբերել։ ։ Այս խօսքերով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ բացումը կատարեց, երկուշաբթի, 16 մայիս 2016-ին՝ յետմիջօրէին, Վատիկանի նոր սիւնհոդասական դահլիճին մէջ կայացած Իտալական Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին 69-րդ ընդհանուր նիստին,՝ որուն կեդրոնական նիւթն է ''կղերին վերանորոգումը'' եւ որ վերջ կը գտնէ հինգշաբթի, 19 մայիսին՝ իտալական եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Անճելօ Պանյասքոյի ելոյթով։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր ճառին սկիզբը յայտնեց, թէ   Սուրբ հոգին  եկեղեցւոյ պատմութեան դերակատարն է։ Ան՝ ամբողջութեամբ կը բնակի Քրիստոսի անձին մէջ եւ մեզ կը ներմուծէ կենդանի Աստուծոյ խորհուրդին մէջ։ Սուրբ Հոգին է՝ որ ոգեւորեց Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբերուն վեհանձն տուած պատասխանը։  Առանց Սուրբ Հոգիին ՝ չկայ կարելիութիւն բարի կեանք մը վարելու  ինչպէս նաեւ վերանորոգում կատարելու, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր խօսքը կեդրոնացուց  հետեւեալ  հարցադրանքներուն  վրայ.  Ի՞ն բան է որ կը համեմէ  քահանային կեանքը , Ինչո՞ւ եւ որու համար է անոր ծառայութեան յանձնառումը եւ ի՞նչ է քահանային  անձնուիրումին կէտնպատակը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց ՝որ Քահանան գրասենեակի պաշտօնեայ  մը չէ այլ՝ այն անձ է՝ որ  մխիթարանքի իւղով կը կը մօտենայ մերձաւորին,  կը բաժնեկցի անոր  լքուածութեան եւ տառապանքի ցաւերը։

Քահանան ընդունելով անձ ուրացումը, չ՝ունի յատուկ օրակարգ մը, այլ ամէն առաւօտ  իր ժամանակը կը տրամադրէ Տիրոջ։ ։ Քահանան գիտակից է թէ Սէրը ամէն ինչ է։ Ան չի փնտռեր փառք եւ իր կատարած առաքելութեան համար ոչ մէկ բան կ՛ակնկալէ։ Անոր ապրելակերպը պարզ է, միշտ տրամադիր ու մօտիկ ամենայետիններուն։ Քահանան կեանքի ծառայ է, կը քալէ սրտով աղքատներու հետքերուն վրայ ու կը հարստանայ անոնց հետ շփման մէջ մտնելով։ Մէկ խօսքով քահանան խաղաղութեան մարդ է։ Ան Աստուծոյ քնքշութեան գործիքն է։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով ապա երկրորդ հարցումին այն է՝ թէ որու նուիրուած է Քահանային ծառայութիւնը հաստատեց թէ Ան մաս կը կազմէ հասարակութեան մը, Աստուծոյ ժողովուրդին, որ է Անոր ընտանիքը եւ տունը։  Այս պատկանաելիութիւնը քահանայի կեանքին աղն է, որուն պարտականութիւնն է եղբայրական սուրբ հաղորդութիւն մշակել մարդոց միջեւ։ Այս առնչութեամբ սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ ապա ինչքերու մատակարարութեան մասին,  որոնք պէտք է մատակարարուին աւետարանական հեռանկարով։

Անդրադառնալով հուսկ՝ կղերականին անձնուիրումի մասին Սրբազան Քահանայապետը յարեց՝ թէ տխրութիւն կը պատճառեն այն մարդիկ,  որոնք հաշիւ կ՝ընեն եւ ոչ մէկ բան կ՛ուզեն վտանգել. Մինչ կղերականը, իրեն սահմանափակ կարողութիւններով հանդերձ  ամէն ինչ կը վտանգէ եւ անշահախնդիր ուրախութեամբ եւ հեզութեամբ կը նուիրուի այն  վայրերուն մէջ ուր՝  ծառայութիւն կը մատուցանէ։

Ճառի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը իր հարցադրանքները եզրակացուց  նշելով Քահանային երեք պատկանելիութիւնները՝ Տիրոջ, եկեղեցւոյ եւ Թագաւորութեան, յորդորեց ժողովականները  պահպանելու եւ զարգացնելու վերոնշեալ պատկանելիութիւններու գանձը , ապա հայցեց Սուրբ կողս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի, իրենց քահանաներուն հետ  միասին,  աւարտին հասցնեն իրենց յանձնուած առաքելութիւնը, որուն միջոցաւ մասնակից են Մայր Եկեղեցւոյ խորհուրդին։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.